Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

05 Haziran 2016  

Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ -

Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմ` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, յայտնեց. «Ինչ ալ ըլլան պայմանները, մեր բարեկամներուն ու դաշնակիցներուն հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին: Թուրքիան եւ Գերմանիան կարեւոր դաշնակիցներ են, ուստի ոչ ոք թող սպասէ, որ Գերմանիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները արագ կերպով ամբողջովին պիտի վատթարանան: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ տեղի ունեցածին նկատմամբ լուռ պիտի մնանք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս նոյն հարցով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Գերմանիոյ մէջ, ուր բազմաթիւ մարզերու մէջ իրենց ազատութիւնները հանգիստ կը կարենան օգտագործել, 1915-ի դէպքերուն առումով ճնշող մթնոլորտ է: Հասկնալ փորձելու փոխարէն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915-ին, հայերու պատմածէն մեկնելով երկրին մէջ երկար տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուի, բազմաթիւ գիրքեր, վաւերագրութիւններ եւ շարժանկարներ կը ներկայացուին գերմանացի հանրութեան` ստանձնելով միակողմանի եզրայանգումներ ձեւաւորելու պարտականութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը ամօթալի է»` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ «պատմութեան քաղաքականացումը, անցեալի մասին ազատ խօսիլը արգիլելը» եւ բանաձեւը կ՛որակէ իբրեւ «իրաւունքի ոտնահարման օրինակ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիոյ» հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն մէջ կը նշուի. «Հայոց ցեղասպանութիւնը ապացուցուած իրականութիւն չէ եւ ազատօրէն կրնայ քննարկուիլ»: Նշենք, որ այդ վճիռը հետագային վերատեսութեան ենթարկուած էր:

«Անատոլու» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած 4 կուսակցութիւններէն 3-ը` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները որդեգրեցին Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ որոշումը որակեցին «անարդար եւ անհիմն»: Անոնք սպառնացին, որ այդ բանաձեւը «պիտի վնասէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ բարեկամական կապերուն»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+