Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Շաւիլի Մէջ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

13 Haziran 2016  

Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Շաւիլի Մէջ -

Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Շաւիլի Մէջ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը Շաւիլի Մէջ

Կիրակի, Յունիս 5-ին, Շաւիլի հայ գաղութը նշեց իր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչի ելն ի վիրապ»ը: Թեմիս առաջնորդ՝ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեանի բացակայութեան պատճառով զայն փոխարինեց Նորվան Արք. Զաքարեան, որ իր ներկայութեամբ պատուեց այդ օրը: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը։

Պատարագի ընթացքին, Սրբազանը իր քարոզին մէջ ոգեկոչեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքը, իր չարչարանքներով, յուսախաբութիւններով, բայց նաեւ վերջնական յաղթանակով երբ 301-ին կը յաջողէր պարտադրել քրիստոնէութիւնը համայն Հայաստան աշխարհին: Նորվան Սրբազան շեշտը դրաւ հաւատքի կարեւորութեան վրայ, որ հրաշքներ կրնայ գործել եւ յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները: Հաւատքը յոյս կը ներշնչէ եւ յաղթանակի կ՚առաջնորդէ: Գերմանական Պունտեսթակի վերջին քուէարկութիւնն ալ այդ հաւատքի արգասիքը չէ՞ր միթէ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ եկեղեցւոյ սպասարկած կրօնական եւ աշխարհիկ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն:

Ապա, հաւատացեալներու բազմութիւնը բոլորուեցաւ քաղաքի Ս. Պերնատէթ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, սեղաններու շուրջ, շարունակելու համար այս հաճելի տօնը: Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ Շաւիլի Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ՝ Միքայէլ Չոփուր, որ ոգեկոչեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այնուհետեւ, հոգեւոր հովիւ Գուրգէն Վրդ. Աղապապեան Նորվան Սրբազանէն խնդրեց, որ յատուկ մետալ մը յանձնէ «գաղութիս ամենէն արժանի հայ մօր»ը: Այսպէս, իբր օրինակելի հայ մայր, որ յաջողած է իր զաւակները եւ թոռները դաստիարակել հայկական ոգիով եւ հաւատքի ուժով, պարգեւատրուեցաւ Տիկին Զարուհի Սեմերճի: Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն եւս:

Մթնոլորտը ա՛լ աւելի ջերմացաւ երբ եկեղեցւոյ երգէոնահարուհի Կարինէ Պետրոսեան երգերով եւ նուագներով խանդավառեց ներկաները: Ձեռնարկը աւարտեցաւ վիճակախաղով մը, որ գոհացուց հանդիսականները, նոյն ատեն ապահովելով որոշ հասոյթ մը եկեղեցիին կարիքներուն համար: Խղճի պարտք կը համարենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնել Կապոյտ Խաչի Շաւիլի մասնաճիւղի տիկիններուն, որոնք բերին իրենց անսակարկ նեցուկը, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+