Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքի Քննարկումը - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

16 Haziran 2016  

Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքի Քննարկումը -

Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքի Քննարկումը Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքի Քննարկումը

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 27 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։

Շուրջ 100 էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը` պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի Կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Սահակ Բ. Կաթողիկոսին ու միաբանութեան պարտադիր հեռացումը Սիսի Կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ։

Անցնող տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցներուն եւ մտաւորականներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ճամբով, դատին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուած էին մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Նկատի ունենալով դատին կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը այս գծով ուզած է ունենալ Արդարութեան Նախարարութեան տեսակէտը։ Արդարութեան Նախարարութիւնը 11 Մայիս 2016 թուակիր նամակով, Սահմանադրական Դատարանի իրաւասութեանց առնչուած շարք մը տուեալներէ ու պատճառաբանութիւններէ մեկնելով, թելադրած է մերժել իրեն ներկայացուած դատական հայցի քննարկումը: Ապա, Սահմանադրական Դատարանը 15 օրերու պայմանաժամ տուաւ Կաթողիկոսութեան պատասխանելու Արդարութեան Նախարարութեան մերժողագրին։

Արդարեւ, 15 օրերու ընթացքին, մեր իրաւական յանձնախումբի անդամները, հետեւողական ու մնայուն խորհրդակցութիւններէ ու քննարկումներէ ետք, պատրաստեց իր պատասխանը եւ 26 Մայիս 2016 թուականին փոխանցեց Սահմանադրական Դատարանին։

Կաթողիկոսարանի պատասխանին մէջ պատմական ու իրաւական յստակ հիմնաւորումներով մերժուեցաւ Արդարութեան Նախարարութեան ներկայացուցած անհիմն ու հակասական պատճառները եւ վերահաստատուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերադարձնելու պահանջքը։

Այժմ կ’ակնկալուի, որ Արդարութեան Նախարարութեան մերժողագրին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անոր տրուած պատասխանին հիման վրայ Սահմանադրական Դատարանը իր վճիռը արձակէ։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յիշեալ դատը կը հետապնդէ իրաւական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած թրքական դատական օրէնքի եւ ընդհանրապէս միջազգային ու յատկապէս Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի դատական ու դատավարական օրէնքներու մասնագէտ անձերէ։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+