Հռոմի Պապը Աստուծոյ Պարգեւը Կը Համարէ Իր Հայաստան Ըլլալը - Հայերէն
05 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ահրանք / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

26 Haziran 2016  

Հռոմի Պապը Աստուծոյ Պարգեւը Կը Համարէ Իր Հայաստան Ըլլալը -

Հռոմի Պապը Աստուծոյ Պարգեւը Կը Համարէ Իր Հայաստան Ըլլալը Հռոմի Պապը Աստուծոյ Պարգեւը Կը Համարէ Իր Հայաստան Ըլլալը

Սրբազան քահանայապետ ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը Ս. Էջմիածնի Մայն տաճարին մէջ․

Մեծարգոյ Եղբայր,

Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս:

Յուզումով ոտք դրի ձեր ժողովուրդի պատմութեան վկայի, անոր հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի, այս սրբազան վայրի շեմին. եւ Աստուծոյ թանկագին պարգեւը կը համարեմ, որ կրցայ մօտենալ սուրբ սեղանին` որմէ Քրիստոսի լոյսը սփռուեցաւ Հայաստանի մէջ: Կ՛ողջունեմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ-ը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածին այցելելու հաճելի հրաւէրին համար, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին` սրտագին եւ ցնծալի ընդունելութեան համար, որ ինծի պարգեւեցիք: Շնորհակալութիւն, Ձերդ Սրբութիւն, ինծի` Ձեր տունը հիւրընկալելու համար։ Սիրոյ այս նշանը բառերէ շատ աւելի պերճախօս կերպով կ՛արտայայտէ, թէ ինչ կը նշանակէ ընկերութիւնն ու եղբայրական սէրը:

Այս հանդիսաւոր առիթով Տիրոջ գոհութիւն կը մատուցանեմ ձեր երկրի վարած հաւատքի լոյսին համար. հաւատք` որ Հայաստան աշխարհին տուաւ իր ուրոյն ինքնութիւնը եւ անոր Քրիստոսի պատգամաբերը կարգեց Ազգերու մօտ: Քրիստոս է Ձեր փառքը, Ձեր լոյսը, արեգակը` որ Ձեզ լուսաւորեց եւ նոր կեանք պարգեւեց, որ Ձեզ ուղեկցեցաւ եւ սատարեց յատկապէս մեծագոյն փորձութիւններու պահերուն: Կը խոնարհիմ Տիրոջ ողորմութեան առաջ, որ կամեցաւ Հայաստանը ըլլար առաջին Ազգը, 301 թուականէն, ընդունելու Քրիստոնէութիւնը որպէս իր կրօնը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ` երբ հռոմէական կայսրութէան մէջ դեռ կը բորբոքէին հալածաքները:

Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար չէ եղած որպէս զգեստ, որ կարելի է հագնիլ կամ հանել, պարագաներու կամ առիթներու համաձայն, այլ սեփական ինքնութեան բաղկացուցիչ իրականութիւն, գերազանց պարգեւ` ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ եւ ուժով պահպանելի: Ինչպէս գրեց սուրբ Հովհաննէս Պօղոս Բ-ը, «Հայ հասարակութեան «մկրտութէամբ» […] ծնունդ կ՛առնէ ժողովուրդի նոր ինքնութիւն, որ հայ ըլլալու անբաժանելի եւ բաղկացուցիչ մաս պիտի դառնայ: Այդ պահէն այլեւս անհնար է մտածել, որ տուեալ ինքնութեան բաղադրիչներու շարքին տեղ չգտնէ Քրիստոսի հաւատքը, որպէս էական բաղկացուցիչ» (Առաքելական նամակ հայ ժողովուրդի մկրտութեան 1700 յոբելեանի առիթով [2 Փետրուար 2001], 2): Տէրը թող օրհնէ ձեզ` հաւատքի այս լուսաւոր վկայութեան համար, որ օրինակելի կերպով կ՛ապացուցան առաւել քան հազարեօթհարիւր տարի առաջ ընդունած Մկրտութեան հզօր արդիւնաւետութիւնն ու բեղունութիւնը, մարտիրոսութեան պերճախօս եւ սուրբ նշանով, որ ձեր ժողովրդի պատմութեան կայուն մասնիկը դարձած է:

Գոհութիւն կը մատուցանեմ Տիրոջ նաեւ այն ընթացքին համար, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կատարեցին եղբայրական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով, հասնելու համար լիարժէք կիսելու գոհութեան Սեղանը: Սուրբ Հոգին թող օգնէ մեզի իրականացնելու այն միութիւնը, որուն համար աղօթեց մեր Տէրը, որպէսզի իր աշակերտները մէկ ըլլան եւ աշխարհը հաւատայ: Ինծի հաճելի է յիշել այժմ, մեր երկու Եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկխօսութեան ամրապնդման` վերջերս տրուած վճռորոշ մղումը, Նորին Սրբութիւններ Վազգէն Ա-ի եւ Գարեգին Ա-ի եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ: Համամիութենական այս ջանքերու յատկապէս նշանակալից փուլերու շարքին կը յիշեմ Ի դարու հաւատքի Վկաներու յիշատակութիւնը, 2000 թուականի Մեծ յոբելեանի ծիրէն ներս. Ձերդ Սրբութեան յանձնումը քրիստոնեայ Հայաստանի Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքէն` Երեւանի նորակառոյց Տաճարին համար. Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Ձերդ Սրբութեան ստրոգրած համատեղ յայտարարութիւնը` ճիշդ այստեղ, Սուրբ Էջմիածինի մէջ. ինչպէս նաեւ Ձերդ Սրբութեան կատարած այցերը Վատիկան, կարեւոր պահերու եւ յիշատակութիւններու առիթով:

Դժբախտաբար աշխարհը բաժանումներով եւ ընդհարումներով խառանուած է, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութեան ծանր վիճակներով, ներառեալ մարդոց, նոյնիսկ երեխաներու եւ ծերերու չարաշահումը, եւ կ՛ակնկալէ քրիստոնէաներէն փոխադարձ գնահատման եւ եղբայրական համագործակցութեան վկայութիւն, որպէսզի կրկին փայլի ամէն խղճի առաջ Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Համբերատար եւ մշտանորոգ ջանքը դէպի լիարժէք միութիւն, համատեղ ձեռնարկներու հզօրացումը եւ ի տես հասարակաց բարիքին, Տիրոջ բոլոր աշակերտներուն միջեւ համագործակցութիւնը` նման են փայլակնացայտ լոյսի` խաւարամած գիշերուան մէջ, եւ կանչ է ապրելու սիրով եւ նոյնիսկ տարբերութիւններու փոխըմբռնմամբ: Համամիութենական ոգին օրինակելի կը դառնայ նաեւ եկեղեցական հասարակութէան տեսանելի սահմաններէն դուրս, եւ բոլորին համար կը ներկայացնէ զօրաւոր կոչ մը ` տարակարծութիւնները hարթելու երկխօսութեամբ եւ արժեւորելով այն` ինչ կը միացնէ: Համամիութենական ոգին միաժամանակ կ՛արգիլէ հաւատքի չարաշահումն ու շահարկումը, որովհետեւ կը պարտաւորեցնէ յայտնաբերել անոր հարազատ արմատները, հաղորդել, պաշտպանել եւ տարածել ճշմարտութիւնը` իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատւութեան պահպանմամբ, եւ այնպիսի ձեւերով, որոնցմէ թափանցի այն սիրոյ եւ փրութեան ներկայութիւնը` որ կը ցանկանք սփռել: Այսպէս, համոզիչ վկայութիւն կու տանք աշխարհին – որ անոր ահաւոր կարիքը ունի –, թէ Քրիսոտոս կենդանի է եւ գործուն, կարող` ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ միշտ նորանոր հաշտութեան ճանապարհներ բանալու: Կը վկայենք եւ կը հաւատացնեքն, որ Աստուած սէր է եւ գթասրտութիւն:

Սիրելի եղբայրներ, երբ մեր գործը ներշնչուած է եւ մղուած Քրիստոսի սիրոյ ուժով, կը զարգանան փոխադարձ ճանաչումն ու համարումը, կը ստեղծուին լաւագոյն պայմաններ համամիութենական պտղաբեր ընթացքի, եւ միաժամանակ, կը մատնանշուի իւրաքանչիւր բարի կամք ունեցող անձի եւ ամբողջ հասարակութեան` առարկայական երթեւեկելի ճանապարհ` ներդաշնակելու համար հակամարտութիւնները, որ կը պատառոտեն քաղաքակիրթ կեանքը եւ կը փորեն դժուար բուժուող բաժանումներ: Ամենակարող Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, բարեխօսութեամբ ամենասրբուհի Մարիամի, «սիւն լուսոյ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, օրհնէ բոլորդ եւ ամբողջ Հայ Ազգը եւ միշտ պահպանէ զայն հաւատքի մէջ որ ստացած է հայրերէն եւ փառաւոր վկայութիւն տուած դարեդար





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+