Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուղղաթիռ Մը Վար Առնուեցաւ - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

02 Ağustos 2016  

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուղղաթիռ Մը Վար Առնուեցաւ -

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուղղաթիռ Մը Վար Առնուեցաւ Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ուղղաթիռ Մը Վար Առնուեցաւ

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը, որ Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութենէ կը վերադառնար, վար առնուած է:

Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին անոր անձնակազմի երեք անդամները եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական կեդրոնէն երկու սպաներ:

Քրեմլին յայտարարեց, որ անոնք բոլորն ալ մահացած են, որովհետեւ փորձած են գետնի վրայ քաղաքային զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար ուղղաթիռը հեռացնել բնակելի շրջաններէն:

Աւելի կանուխ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ երկուշաբթի օր Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ վար առնուած է «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը, որուն վրայ էին անոր անձնակազմի երեք անդամներն ու Սուրիոյ մէջ ռուսական կեդրոնէն երկու սպաներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղաթիռը Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարելէ ետք կը վերադառնար Հմէյմիմ ռազմակայան:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղաթիռը Իտլիպի գիւղական շրջանին վերեւ թիրախ դարձած է հակաօդային զէնքերու:

Ըստ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին, դէպքէն ետք ռուսական ռմբաձիգներ թիրախ դարձուցած են ուղղաթիռի ջախջախման վայրը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+