Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Ô - Հայերէն
15 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Արամազդ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

09 Ağustos 2016  

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Ô -

Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Ô Այսօր Ռուսիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. «Առանց Ռուսիոյ Մասնակցութեան Սուրիական Տագնապին Լուծումը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիա իր այցելութեան նախօրեակին ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է:

«Առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան անկարելի է գտնել սուրիական խնդիրի լուծումը: Միայն Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան պարագային մենք կրնանք լուծել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը», ըսած է Էրտողան:

Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ պիտի բանան»:

Ան խօսած է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին: «Եւրոպական Միութիւնը չի կատարեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումները եւ 53 տարի շարունակ յիմարի տեղ կը դնէ զինք», յայտնած է ան:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս»` վկայակոչելով Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան համառուսական կեդրոնին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները, 8 օգոստոսին հաղորդեց, որ ռուս քաղաքացիները կը հետեւին Թուրքիոյ կացութեան, անոնք չեն վստահիր ու կը դատապարտեն Անգարայի իշխանութիւնները:

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն բացասաբար կը վերաբերի հարցախոյզի մասնակիցներուն կէսը, անոնց չի վստահիր 24 առ հարիւրը, անոնցմէ հիասթափուած է 14 առ հարիւրը եւ զանոնք կը դատապարտէ 12 առ հարիւրը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 32 առ հարիւրը յայտնած է, որ անտարբեր է Անգարայի կառավարութեան նկատմամբ:

Ռուսերուն 19 առ հարիւրին կարծիքով` Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումին փորձը կատարած են զինուորականները, 17 առ հարիւրը` արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները, 12 առ հարիւրը` երկրի իշխանութիւնները, իսկ նոյնքան մարդ խռովութեան համար կը մեղադրեն իսլամական արմատականները: Մնացեալ 36 առ հարիւրը դժուարացած է նշել յեղաշրջումի նեթադրեալ կազմակերպիչները:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն երկու երրորդին` 67 առ հարիւրին կարծիքով` Ռուսիա պէտք է չէզոք դիրք բռնէ, Թուրքիոյ նախագահին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է 14 առ հարիւրը, ընդդիմութեան կը համակրի 3 առ հարիւրը, իսկ 16 առ հարիւրը դժուարացած է պատասխանել:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 36 առ հարիւրը յայտարարած է, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ պահանջներու մէկ մասէն, 39 առ հարիւրը առաջարկած է ուժեղացնել ճնշումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ` Մոսկուայի բոլոր պահանջներուն կատարման նպատակով:

25 առ հարիւրը խոստովանած է, որ չի գիտեր ինչպէ՛ս վարուիլ տուեալ իրավիճակին մէջ:

Էրտողան այսօր Ռուսիա իր այցելութեան նախօրեակին յայտարարած է, որ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «նոր էջ պիտի բանան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ»:

 





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+