Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են Զօր. Աունը Եւ Պըրրին Շեշտեց Սէ - Հայերէն
03 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արամ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

15 Ağustos 2016  

Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են Զօր. Աունը Եւ Պըրրին Շեշտեց Սէ -

Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են Զօր. Աունը Եւ Պըրրին Շեշտեց Սէ Իսրայէլը Ապագայ Չունի, Մեր Ընտրանքը Հալէպի Մէջ Մնալն Է, Իսկ Մեր Թեկնածուներն Են Զօր. Աունը Եւ Պըրրին Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Լիբանանի դէմ յուլիսեան պատերազմի 10-ամեակին առիթով Հըզպալլա Պընթ Ժպէյլի մէջ կազմակերպեց յաղթանակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համաձայն են, որ նախագահական ընտրութիւնը բանալին է հարցերու լուծման, եւ բոլորին դիմաց տուեալները յստակ են:

«Մենք յուլիսեան պատերազմէն առաջ արդէն իսկ յանձնառու էինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` նախագահական ընտրութեան առումով: Իսկ եթէ նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա մեր հորիզոնները բաց են նաեւ կառավարութեան դիմաց», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ոմանք քանի մը օր առաջ յայտարարած են, թէ իրենք սխալած են եւ աւելի ուշ վերադարձած են ու իրենց սխալը սրբագրած: «Մենք համոզուած ենք, որ անիկա սխալ մը չէր, եւ կը հաստատենք, որ խորհրդարանի նախագահի թեկնածութեան համար մեր թեկնածուն Նեպիհ Պըրրին է: Քաղաքական պայքարին եւ ցաւերը կիսելուն առումով մեր դաշնակիցը Ամալ շարժումն է», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է քարիւղի եւ կազի թղթածրարներուն` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ելեւմտական եւ տնտեսական պայքարը: «Լիբանանի սեփականութիւնը նկատուող այս բնական հարստութեան օգտագործումը արգիլելու իմաստով քաղաքական որոշում գոյութիւն ունի, եւ կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներուն կորսնցուցած ժամանակին: Լիբանանը եւ ամբողջ աշխարհը այսօր տեղեակ են, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլին դէմ դնելու եւ անոր ուժը հաւասարակշռելու կարողութիւնը ունի, հետեւաբար Լիբանանի բնական կազն ու քարիւղը պաշտպանուած պէտք է նկատել եւ սկսիլ այդ հարստութիւնը արտահանելու աշխատանքին», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն կացութեան ընթացքին, երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութիւնը եւս Դիմադրութեան պատասխանատուութիւնն է:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակին մասին խօսելու համար կարեւորագոյն ճշմարտութիւնը կը մնայ այդ պատերազմին նպատակները ձախողեցնելու իրականութիւնը:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին ամերիկեան-իսրայէլեան նպատակները ձախողած են, որովհետեւ Լիբանանի դէմ պատերազմին որոշումը ամերիկեան էր, իսկ գործադրութիւնը` իսրայէլեան:

«Յիշեցման կարգով ըսենք, որ պատերազմին նպատակը Դիմադրութեան քանդումն էր եւ կարելի եղածին չափ հսկայական աւերի գործումը, Դիմադրութեան ղեկավարներուն մաքրագործումը, Դիմադրութեան ապազինումը, ներքին լիբանանեան եւ շրջանային հաւասարակշռութենէն Հըզպալլայի ջնջումը, հարաւային Լիթանիի շրջանէն Դիմադրութիւնը դուրս բերելը եւ այդ շրջանը ամայացնելը, Դիմադրութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ սահմաններէն հեռացնելը, Լիբանանի սահմաններուն վրայ տարբեր քաղաքացիութիւն կրող ուժերու տեղակայումը` անկախ ՖԻՆԻՒԼ-էն, Լիբանանը ամերիկեան քաղաքական եւ ապահովական կազմակերպութեան մը վերածելու նպատակի իրագործումը, գերեվարուած երկու իսրայէլացի զինուորներուն առանց նախապայմանի ազատ արձակումը, շրջանային եւ միջազգային առումով Իսրայէլի դիրքերուն ամրապնդումը եւ շարք մը այլ նպատակներ: Սակայն հիմնական նպատակը կը մնար Նոր Միջին Արեւելքի մը ծնունդը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան աւելցուց սակայն, որ յուլիսեան պատերազմին արդիւնքը տարբեր եղաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա եղաւ Դիմադրութեան յաղթանակը` կոչ ուղղելով ուսումնասիրողներուն` հետազօտելու այդ յաղթանակին դրդապատճառները: «Այդ պատերազմը առիթ մը եղաւ ցնցելու իսրայէլեան հաստատութիւնները, յատկապէս զինուորական հաստատութիւնը, ինչ որ իր կարգին պատճառ դարձաւ, որ իրենց բանակին նկատմամբ իսրայէլացիներուն վստահութիւնը խախտի, ինչ որ ամէնէն վտանգաւոր իրականութիւնն է` իսրայէլեան գոյացութեան համար: Աւելի՛ն. ո՛չ միայն բանակին, այլեւ իր քաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իսրայէլացին կորսնցուց իր վստահութիւնը, ինչ որ քաղաքական ղեկավարութեան հարց ստեղծեց Իսրայէլի համար», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ յուլիսեան պատերազմին յաղթանակին ունեցած ճակատագրական հետեւանքը այն էր, որ իսրայէլացիներուն, անոնց բանակին ու քաղաքական ղեկավարութեան միջեւ վստահութիւնը խախտեցաւ: «Այդ պատերազմին ընթացքին տապալեցաւ նաեւ պըն Կորիոնի ճշդած տարազը, որուն հիման վրայ իսրայէլեան բանակը կ՛ըլլայ պատերազմին տեւողութիւնը ճշդող կողմը», աւելցուց ան:

2006-ին սանձազերծուած պատերազմին մասին իսրայէլացի պատասխանատուներուն կեցուածքներուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա լուսարձակի տակ առաւ Իսրայէլի Հանրապետութեան ներկայ նախագահին այն յայտարարութիւնը, որ եթէ յաջորդ պատերազմին Դիմադրութեան դէմ յաղթանակ չարձանագրուի, ապա Իսրայէլ յաղթելու այլ առիթ մը պիտի չունենայ: «Սա արդէն Իսրայէլի գոյութիւնը կասկածի տակ առնելու համազօր է, որովհետեւ ան լաւ գիտէ, որ յաջորդ պատերազմին Իսրայէլ կրնայ գոյութիւն չունենալ եւ հետեւաբար` յաղթանակի այլ առիթ չունենալ: Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կ՛անդրադառնայ այն իրականութեան, որ Իսրայէլ այլեւս անյաղթ պետութիւն մը չէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` հաստատելով, որ յուլիսեան պատերազմէն ետք Դիմադրութիւնը հզօրացած է եւ ուժերու հաւասարակշռութիւն գոյացուցած շրջանին մէջ` իսրայէլացի պատասխանատուներուն իսկ վկայութեամբ: «Հետեւաբար կարելի է յանգիլ այն եզրակացութեան, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի հոգին, վստահութիւնը, կամքն ու կորովը խոցուած էին Դիմադրութեան ուժգին հարուածով», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ ինք 2000 թուականին, հարաւային Լիբանանի ազատագրումին առիթով Իսրայէլը նմանցուցած է սարդոստայնի մը, եւ այդ իրականութիւնը փաստուած է 2006-ին: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը ուղղեց Նեթանիահուին` շեշտելով, որ իսրայէլեան ընկերութիւնը սարդոստայնէ մը աւելի դիւրաբեկ ընկերութիւն մըն է, որ սպառած է կռուելէ եւ ինքնապաշտպանութենէն:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Պընթ Ժպէյլի ճակատամարտը գիտակցութեան ճակատամարտն էր` աւելցնելով, որ իսրայէլացիներուն նպատակն էր հասնիլ դաշտ եւ Իսրայէլի դրօշակը բարձրացնել` հաստատելով, որ իրենք սարդոստայն մը չեն, այլ պողպատեայ բռունցք մը, սակայն այս ճակատամարտը փաստեց, որ իրենք սարդոստայն մըն են:

«Իսրայէլ քաջ կը գիտակցի, որ Լիբանանը երկիր մըն է, ուր Դիմադրութիւն գոյութիւն ունի եւ այդ Դիմադրութիւնը հետզհետէ կը հզօրանայ` իր հաւատքով, կորովով եւ զէնքերով: Իսրայէլացին այսօր կը սարսափի այն իրականութենէն, որ Դիմադրութիւնը կրնայ Գալիլիա ներխուժել, մինչդեռ նախապէս լիբանանեան գիւղաքաղաքները կ՛ըլլային նոյն վախին մէջ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն եւ շրջանի բնակչութեան հետեւելու Միացեալ Նահանգներու մէջ այս շրջանին հնչող այն յայտարարութիւններուն, որոնք կ՛անդրադառնան ՏԱՀԵՇ-ի հիմնումին եւ անոր զօրակցութեան իմաստով ամերիկեան վարչակազմին պատասխանատուութեան:

«Ամերիկացիներն են, որոնք ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը եւ ֆինանսաւորեցին ու զինեցին զայն` հարուածելու համար Դիմադրութեան առանցքը, յատկապէս Հըզպալլան: Ահա այս մասին կը խօսի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածու Թրամփը, որ բազմիցս կը հաստատէ, որ նախագահ Պարաք Օպաման եւ Հիլըրի Քլինթընն են, որոնք ստեղծած են ՏԱՀԵՇ-ը», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան ընդգծեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները ստեղծուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ, եւ ներկայիս գրաւը դրուած է Ռաքքայի եւ Մուսուլի ճակատամարտերուն վրայ: «5 տարիներ առաջ, երբ խօսքս ուղղեցի Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, հաստատեցի, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին զիրենք քանդել` զանոնք ստեղծելէ, ֆինանսաւորելէ, մարզելէ եւ զինելէ ետք: Իսկ այսօր ես այդ խմբաւորումներուն կ՛ըսեմ. 5 տարիներ շարունակ ձեզի օգտագործեցին քանդելու համար Դիմադրութեան առանցքը, շրջանին ժողովուրդները եւ անոնց յոյսերը, որպէսզի շրջանին քանդումներուն վրայ հիմնուին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ենթակայ վարչակարգեր: Եթէ դուք նուազագոյն իսլամականութիւնը ունիք ձեր մէջ, վերջ տուէք Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շահերուն ծառայող այս պատերազմին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ հաւատադրժողական խմբաւորումները չարաչար օգտագործած են. անոնցմէ ոմանք արդէն չկան, իսկ մնացեալը նոյնպէս պիտի չմնան:

«Մեր դիմաց ոչ մէկ այլընտրանք կայ բացի Հալէպի պայքարը շարունակելէ եւ ըլլալէ հոն, ուր պարտականութիւն պէտք է ստանձնել», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+