Թրքական Կողմը Հրաւէր Ստանալու Պարագային Պիտի Չմասնակցի ԼՂՀ 25-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողովին - Հայերէն
03 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արամ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

16 Ağustos 2016  

Թրքական Կողմը Հրաւէր Ստանալու Պարագային Պիտի Չմասնակցի ԼՂՀ 25-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողովին -

Թրքական Կողմը Հրաւէր Ստանալու Պարագային Պիտի Չմասնակցի ԼՂՀ 25-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողովին Թրքական Կողմը Հրաւէր Ստանալու Պարագային Պիտի Չմասնակցի ԼՂՀ 25-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողովին

Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան` Եւրոմիութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր վարչութիւնը քայլեր կը ձեռնարկէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով կայանալիք միջազգային խորհրդաժողովին թրքական կողմէն որեւէ մասնակցութիւն չըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Ilerihaber.org»-ը։

Նշեալ վարչութիւնը յատուկ գրութեամբ դիմած է նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութեան` պահանջելով, որպէսզի հրաւէր ստանալու պարագային որեւէ թրքական պատուիրակութիւն չմասնակցի ՀՀ երիտասարդութեան եւ սփորթի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուելիք յոբելինական խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2016 Սեպտեմբեր 15-18:

Նորարարական եւ կրթական ճարտարագիտութիւններու վարչութիւնն ալ, իր հերթին, գրաւոր կերպով հրահանգած է Թուրքիոյ նահանգապետարաններուն եւ նահանգային ազգային կրթական վարչութիւններուն` հայկական կողմէն համապատասխան հրաւէր ստանալու պարագային զերծ մնալ խորհրդաժողովին մասնակցութենէն:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+