Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ - Հայերէն
19 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Անահիտ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

24 Ağustos 2016  

Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ -

Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիայէն ներս կատարուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու միջեւ ստեղծուած նոր պայմանները ու անոնց հաւանական ազդեցութիւնը մեր դատին վրայ։ Խորհրդակցութիւնները նաեւ ընդգրկեցին յառաջիկային առնուելիք քայլերուն կարելիութիւնները։

Բնականաբար այս դատին գծով առնուած որեւէ մէկ քայլի կամ արդիւնքի մասին միշտ տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+