Թուրքիան Պիտի Չկարենայ Գաղթականներուն Դէպի Եւրոպա Հոսքին Կասեցումը Շարունակել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

31 Ağustos 2016  

Թուրքիան Պիտի Չկարենայ Գաղթականներուն Դէպի Եւրոպա Հոսքին Կասեցումը Շարունակել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու -

Թուրքիան Պիտի Չկարենայ Գաղթականներուն Դէպի Եւրոպա Հոսքին Կասեցումը Շարունակել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Թուրքիան Պիտի Չկարենայ Գաղթականներուն Դէպի Եւրոպա Հոսքին Կասեցումը Շարունակել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու զգուշացուց. «Թուրքիան պիտի չկարենայ գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքին կասեցումը շարունակել, եթէ մինչեւ հոկտեմբեր թուրքերուն համար (Եւրոպական Միութեան երկիրներ) մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը չջնջուի»:

Ան նշեց. «Թուրքիան կատարած է անցեալ մարտին Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած համաձայնութեան հիմամբ գաղթականներու հոսքը կասեցնելու իր պարտաւորութիւնը, եւ այժմ եւրոպացիները պէտք է յարգեն թուրքերուն Շենկենի գօտի մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը ջնջելու իրենց խոստումը»:

«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը իր խոստումներուն կատարման մէջ թերանայ, Թուրքիան չի կրնար շարունակել դէպի Եւրոպա ապօրինի գաղթը առանձինը կասեցնել», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+