Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց` Քիւրտերը Չհարուածելու. Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները - Հայերէն
17 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Ասակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

01 Eylül 2016  

Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց` Քիւրտերը Չհարուածելու. Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները -

Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց` Քիւրտերը Չհարուածելու. Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Մոսկուա Անգարային Կոչ Ուղղեց` Քիւրտերը Չհարուածելու. Եըլտըրըմ. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Պէտք Է Վերադառնան Եփրատի Արեւելեան Ափ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութեան ճամբով Թուրքիոյ հետապնդած նպատակը իր սահմաններուն անվտանգութեան ապահովումն է եւ իր քաղաքացիները բոլոր յարձակումներէն պաշտպանելը: «Այսուհետեւ մեր հողերուն կամ սահմաններուն դէմ որեւէ ոտնձգութիւն կամ յարձակում պիտի չընդունինք», ըսաւ ան:

Եըլտըրըմ նշեց. «Եփրատի վահան» գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ մեր սահմանները եւ մերձակայ բոլոր շրջանները ամբողջովին ձերբազատին ահաբեկչական տարրերէն»:

«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնները ահաբեկչական ՔԱԿ-ի թեւեր են, եւ այս կազմակերպութեանց զինեալները պէտք է վերադառնան Եփրատի արեւելեան ափ», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետը` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Եփրատի արեւելեան ափ վերադառնալուն վերաբերեալ բազմաթիւ խոստումներ տուին, եւ մենք խոստմնադրժութիւնը չենք ընդունիր»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էօմեր Չելիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ քրտական ուժերուն եւ թրքական բանակին միջեւ զինադուլի մասին խօսք չի կրնար ըլլալ` աւելցնելով, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն է եւ պէտք է ոչնչացուի:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան բանբեր գնդապետ Ճոն Թոմաս յայտնած էր. «Անցնող ժամերուն ընթացքին երաշխիքներ ստացանք, որ առնչակից բոլոր կողմերը (քիւրտերէն եւ թրքական բանակէն, «Ա.») պիտի դադրեցնեն փոխադարձ հրացանաձգութիւնը եւ կեդրոնանան ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքին վրայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս նախարարութիւն կանչուած է անոր փոխանցելու համար վերոնշեալ յայտարարութեան նկատմամբ թրքական կառավարութեան դժգոհութիւնը:

«Բախումները պիտի չդադրին, մինչեւ որ թրքական սահմաններէն հեռացուին ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք թուրքերուն համար վտանգի վերածուած են», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր գործողութիւններուն ընթացքին չհարուածելու քիւրտերը:

Զախարովա ըսաւ, որ պէտք է լուծել ահաբեկիչներն ու չափաւորական ընդդիմութիւնը իրարմէ զատորոշելու հարցը: Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքը կոչ կ՛ուղղէ սուրիական տագնապը լուծելու եւ զինուորական գործողութիւններէն հրաժարելու` ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ գործողութեան պարագային պէտք է յարգել միջազգային օրէնքը եւ այդ գործողութեան շուրջ համակարգում կատարել Դամասկոսի հետ:

Թրքական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ռուս գործընկերոջ հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի ձեռնարկումին ջանքերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+