Սթափէ, Եւրոպա՛ - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

11 Eylül 2016  

Սթափէ, Եւրոպա՛ -

Սթափէ, Եւրոպա՛ Սթափէ, Եւրոպա՛

Եւրոպան արդեօք գիտէ՞, թէ ո՛վ է թուրքը, որ կը փորձէ մտնել Եւրոպայի ծոցը, այն ժահրոտ օձը, որ իր մահաբոյր թոյնը պիտի սրսկէ Եւրոպական Միութեան մարմնին մէջ, եթէ փաթթուի անոր վիզին: Այն թուրքն է, որ արիւնաթաթախ ձեռքերով միշտ պատրաստ է իր գազանային ախորժակով ամէն ժամանակ ու ամէն դարուն միայն յօշոտել եւ արիւն հոսեցնել, ապա` չքմեղանաք եւ ուրիշ զոհեր փնտռել:

Սկսինք ոչ շատ հին արարքով, երբ անոնք չխնայեցին Հրանդ Տինքին, որ հրապարակագիր, գրչի եւ մտքի մարդ ըլլալով` «յանցաւոր» էր, որովհետեւ թուրքը հրաւիրեց երկխօսութեամբ, արդարադատութեամբ եւ խղճի ձայնով ընդունելու անցեալ դարուն իր գործած ոճիրը` հայութեան հաշուոյն:

Սակայն վստահ եղէք, որ անոր պիղծ բնազդը պիտի չարտօնէ, որ որեւէ ժամանակ ան իր վայրագ ժանիքները չօգտագործէ մարդկութեան դէմ, եւ մի՛ համոզուիք, որ Եւրոպայի ծայրամասին վրայ Յունաստանէն խլուած պզտիկ հողամասի երեւոյթէն օգտուելով` ան կրնայ օր մը մօտենալ եւրոպական քաղաքակրթութեան մակարդակին, որովհետեւ ան հաւատարիմ կը մնայ իր ժառանգած հրէշածին արեան կանչին` որեւէ ատեն գործելու մեծ կամ փոքր ոճիրները:

Թուրքը չի հանդուրժեր խաղաղ գոյակցութիւնը որեւէ այլ ժողովուրդի հետ, որ կը խանգարէ իր փանթուրանական երազը եւ հանգիստ չի տար իր մեծամոլութեան, մանաւանդ` ընդունելու գոյութիւնը իրեն կից խաղաղասէր շինարար եւ իրմէ բարձր մշակոյթով այլ ժողովուրդի մը, որ հայն է եւ հարիւրաւոր տարիներ իրմէ կրեց միայն հալածանք, կողոպուտ եւ ջարդ: Ան աւերի ու ժանտամրրիկի հոսանքով եկաւ իր մոնկոլական բնակավայրէն ու կարճ ժամանակուան ընթացքին շատուոր եւ իշխող տարրը եղաւ Անատոլուի բարձրաւանդակին վրայ եւ գութի ու մարդկային որեւէ զգացումէ զուրկ` խլեց, քանդեց, այրեց ու տիրացաւ հայապատկան մեր ինչքերուն եւ հողերուն:

Ի՞նչ կրնայ ակնկալել Մեծն Եւրոպան թուրք ժողովուրդէն, որ հնդեւրոպական մաքուր արեան մէջ պիտի գայ ներմուծել տմարդի ու պիղծ բնազդներով լի միլիոնաւոր մարդկային խլեակներ` հետագային մէջտեղ բերելու խառնածին Եւրոպա մը, օր մըն ալ կլանելու եւրոպական ցամաքամասը` մարախի աճի արագութեամբ, թրքական անյագ ախորժակով ծամելու եւ փճացնելու բարգաւաճ ու գեղեցիկ Եւրոպան:

Հրանդ Տինքի սպանութեամբ թուրքը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք նոյն ոճրամիտ մարդն է եւ երբեք չի փոխուիր: Մեր հայութեան պատմութիւնը ծանօթ չէ՞ միթէ եւրոպացիներուն: Ատանայի ջարդէն սկսեալ, Մեծ եղեռնը, 1988-ի Սումկայիթը, Հին Ջուղայի խաչքարերու քանդումը, Հունգարիոյ մէջ հայ սպայի մը կացինով սպանութիւնը: Բազմաթիւ են օրինակները: Եկէք` հարցուցէք հայուն, թէ ո՛վ է թուրքը, որպէսզի սթափիք մեծ սխալ մը գործելէ առաջ: Ձեր առժամեայ տնտեսական կամ քաղաքական հաշիւներով մի՛ տարուիք` պաշտպանելու թուրքը, ինչպէս որ ըրիք անցեալին ու հիմա ալ մի՛ փորձուիք ընդունիլ զայն Եւրոպական Միութեան մէջ: Միայն գիտցէք, որ ան միշտ նոյն խորամանկ, երկերես եւ խաբեբայ թուրքն է:

Իսկ մեր փոքր Հայաստանը, ծուարած` իր սեղմ ու նեղ տարածքներուն մէջ, մնայուն կերպով ենթակայ է թուրքին արենակից Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն, անշուշտ, թրքական դրդումով: Այս պայմաններուն մէջ հայութիւնը ե՞րբ յոյսի նշոյլ մը պիտի ստանայ Արեւմուտքի իր կրօնակից երկիրներէն` գէթ քաղաքականօրէն զօրավիգ կանգնելու` թուրքին ծրագիրներու գործադրութեան դէմ, որովհետեւ նախկին դարուն Եղեռնը դեռ չմոռցուած` ան լորձնաշուրթն եւ բերանաբաց կը սպասէ կլլելու մեր նորափթիթ Հայաստանը:

Առաջին հերթին մեր աչքերը կ՛ուղղուին դէպի քրիստոնէական հաւատքին պաշտպան քահանայապետին, որ մինչեւ Երեւան երթալով` կ՛ընդունի մեր առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ ըլլալը, եւ անշուշտ անոր ականջին կը հասնին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վտանգի մէջ գտնուելու իրականութեան վերաբերող լուրերը: Միւս կողմէ, Ամերիկայի նախագահ Օպաման երկու անգամ մերժեց ընդունիլ մարոնի պատրիարքը, որ պիտի խօսէր Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցին մասին:

Ուրեմն կ՛ակնկալենք, որ Արեւմուտքը հետաքրքրուի ու գործնական քայլերով արգելք հանդիսանայ վերահաս ծրագիրներուն, եւ ո՛չ միայն տոլարն ու եւրոն ըլլան քաղաքական աշխարհին մղիչ ուժը: Բայց լաւ գիտցէք, որ ձեր ուժը եթէ գտնուէր թուրքերուն ձեռքին մէջ, չենք գիտեր, եթէ օր մը այդպէս ըլլայ, անոնք քրիստոնեայ մը իսկ չէին ձգեր աշխարհի երեսին, կամ ալ պիտի սպասենք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, եթէ դուք չէք կրնար ձեր աչքերը դէպի Արեւելք դարձնել սիրոյ աչքերով: Լաւ է, որ սթափիք, այլապէս այս ընթացքով կարգը դանդաղօրէն պիտի հասնի ձեզի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+