Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Պատժելիութեան Համար՝ Ծերակոյտին Ներկայացուած է Օրինագիծի Նոր Յաւելուած - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

26 Eylül 2016  

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Պատժելիութեան Համար՝ Ծերակոյտին Ներկայացուած է Օրինագիծի Նոր Յաւելուած -

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Պատժելիութեան Համար՝ Ծերակոյտին Ներկայացուած է Օրինագիծի Նոր Յաւելուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Պատժելիութեան Համար՝ Ծերակոյտին Ներկայացուած է Օրինագիծի Նոր Յաւելուած

Ծերակոյտի յատուկ յանձնաժողով մը, Սեպտեմբեր 13-ին, զեկուցաբեր Ֆրանսուազ Կաթէլի առաջարկին ընդառաջելով՝ զեղչած էր «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծէն՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, ցեղասպանութիւններու, ի շարս որոնց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող թիւ 38ter յօդուածը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը:

Ներկայիս, Մէօտոնի (Փարիզեան շրջան) քաղաքապետ Հերվէ Մարսէյ Ծերակոյտին ներկայացուցած է յաւելուած մը, ներմուծելու համար նշեալ օրինագիծին մէջ: Այդ յաւելուածը կը նախատեսէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման, թերագնահատման կամ հասարակացման պատժելիութիւնը:

Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 4, 5 եւ 6-ին պիտի քննարկէ «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+