Ռաքքայի Ազատագրման Համար Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներուն Հետ Գործակցութիւնը Կը Վտանգէ Սուրիոյ Ապագան - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

28 Eylül 2016  

Ռաքքայի Ազատագրման Համար Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներուն Հետ Գործակցութիւնը Կը Վտանգէ Սուրիոյ Ապագան -

Ռաքքայի Ազատագրման Համար Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներուն Հետ Գործակցութիւնը Կը Վտանգէ Սուրիոյ Ապագան Ռաքքայի Ազատագրման Համար Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատներուն Հետ Գործակցութիւնը Կը Վտանգէ Սուրիոյ Ապագան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու համար սուրիացի քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ գործակցութիւնը կը վտանգէ Սուրիոյ ապագան»:

Ան ըսաւ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու կարգ մը տարրեր տակաւին կը գտնուին Եփրատ գետի արեւմտեան ափը գտնուող Մընպեժ քաղաքին մէջ, հակառակ Անգարայի շարունակ շեշտելուն, որ անոնք պէտք է հեռանան, եւ ամերիկեան վստահեցումներուն, որ այդ հեռացումը կը կատարեն:

Չաւուշօղլու քննադատեց Ուաշինկթընի գործակցութիւնը «անվերահսկելի խմբաւորումի մը հետ»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելը հաւաքական սպանդի ոճիրներուն, քաղաքներու քանդումին եւ հազարաւոր տեղահանուածներուն դէպի Թուրքիա եւ այլ երկիրներ հոսքը կասեցնելու միակ ընտրանքն է»:

Ան ըսաւ, որ ապահովական գօտին քաղաքայինները պիտի պաշտպանէ «Սուրիոյ մէջ գտնուող երկու հրէշներէն` սուրիական վարչակարգէն ու ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն»:

«(Սուրիական) վարչակարգը օրական կրակ կը թափէ Հալէպի վրայ` պատերազմական օդանաւերով ռմբակոծելով, պայթուցիկ տակառներ նետելով եւ աջակցութիւն ստանալով Ռուսիայէն, Իրանէն եւ Հըզպալլայէն», նշեց Քալըն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+