Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան - Հայերէն
04 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մարգար / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

03 Ekim 2016  

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան -

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց հայկական թաղերու վրայ եղած հրթիռակոծումներու պատճառով զոհ գացած նահատակներուն մասին։

Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց զոհերու ընտանիքներուն եւ խրախուսեց Առաջնորդ Սրբազանն ու Հալէպի հայութիւնը։ Ան գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Իշխանութեան եւ հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած տղոց անձնազոհողութիւնը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+