Պունտըսթակի Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այսօր Պիտի Այցելէ Ինճիրլիք - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

04 Ekim 2016  

Պունտըսթակի Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այսօր Պիտի Այցելէ Ինճիրլիք -

Պունտըսթակի Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այսօր Պիտի Այցելէ Ինճիրլիք Պունտըսթակի Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այսօր Պիտի Այցելէ Ինճիրլիք

«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառով Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ ծագած ճգնաժամը վերջ գտած է: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումէն ետք Թուրքիան Գերմանիոյ պատուիրակութեան արգիլած էր այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան:

Երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ, Պունտըսթակի պաշտպանութեան յանձնախումբի 7 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը այսօր պիտի հասնի Թուրքիա: Պատուիրակութեան անդամները պիտի այցելեն Ինճիրլիքի մէջ ծառայող գերմանացի զինուորներուն եւ տեղեկութիւններ ստանան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի արդիւնքներուն մասին:

Ռազմակայան այցելելէ առաջ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Անգարա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներ կը նախատեսուին նաեւ թուրք եւ ամերիկացի բանակային պաշտօնատարներու հետ:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+