13 Ekim 2016
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան այսօր Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Հալէպի Ազգային վարժարաններ, շնորհաւորեց աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ բարի վերամուտ մաղթեց անոնց, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
Սրբազան հայրը տեսակցեցաւ նաեւ տնօրէններուն հետ եւ զրուցեց 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանի կրթական, դաստիարակչական ու կազմակերպչական աշխատանքներուն շուրջ։