Ուաշինկթըն Անգարային Եւ Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

16 Ekim 2016  

Ուաշինկթըն Անգարային Եւ Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը -

Ուաշինկթըն Անգարային Եւ Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը Ուաշինկթըն Անգարային Եւ Պաղտատին Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Անգարային եւ Պաղտատին կոչ ուղղեց` «մեղմացնելու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, մասնաւորաբար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի միջեւ տեղի ունեցած բուռն բանավէճէն ետք, մինչ պատրաստութիւնները կը շարունակուին Մուսուլը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն ազատագրելու»:

«Իրաք գտնուող բոլոր միջազգային ուժերը պէտք է իրաքեան կառավարութեան հետ համաձայնութիւն ունենան եւ համակարգում կատարեն` հովանաւորութեամբ Միջազգային դաշինքին, զոր Միացեալ Նահանգներ կը ղեկավարեն ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով կեդրոնանալու հասարակաց թշնամիին` ՏԱՀԵՇ-ի վրայ:

Թոնըր նաեւ կոչ ուղղեց «կանխարգիլելու որեւէ մագլցում, իսկ որեւէ քայլ պէտք է կատարուի յարգելով Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ անոր կառավարութեան հաւանութեամբ»:

Իրաքի շիի ղեկավար դէմքերէն, իրաքեան ազգային դաշինքի ղեկավար Ամմար Հաքիմ խօսքը ուղղելով Էրտողանին ըսաւ. «Պէտք է սահմանդ գիտնաս, եւ կը խրատենք, որ դադրիս իրաքցիներուն համբերութիւնը փորձելէ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+