Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

05 Ocak 2017  

Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է -

Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է Պոլսոյ Գիշերային Վայրին Դէմ Յարձակումի Հեղինակին Ինքնութիւնը Ճշդուած Է

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սէօյլու յայտնեց, որ Պոլսոյ գիշերային վայրին դէմ յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ամանորի գիշերը տեղի ունեցած յարձակումի հեղինակին ինքնութիւնը ճշդուած է, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց:

Խըրխըզական իշխանութիւնները երեքշաբթի օր յայտնած էին, որ Պոլսոյ մէջ կատարուած յարձակումի հարցով կասկածելին` Խըրխըզիստանի քաղաքացի Եախիէ Մաշրապովը, որուն անցագիրին լուսանկարը հրապարակուած էր թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ, ահաբեկչական յարձակումին հետ որեւէ կապ չունի:

Խըրխըզիստանի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի բանբեր Ռահաթ Սուլէյմանով «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մաշրապով Խըրխըզիստան հասնելէ ետք հարցաքննուած է, սակայն ահաբեկչական գործողութեան մէջ որեւէ մեղսակցութիւն չունի, ուստի ազատ արձակուած է:

Ան սակայն նշեց, որ ճշդումի գործողութիւնները կը շարունակուին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+