Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Պարգեւարտուած Է Փարիզի Մէջ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

12 Şubat 2017  

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Պարգեւարտուած Է Փարիզի Մէջ -

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Պարգեւարտուած Է Փարիզի Մէջ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Պարգեւարտուած Է Փարիզի Մէջ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8-ի երեկոյեան, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի 4-րդ տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, ինչպէս նաեւ պետական, շրջանային եւ ընդհանրապէս քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ծանօթ լրագրողներ, արուեստագէտներ…

Քաղաքական բարձրաստիճան դէմքերէն յիշենք Հանրապետութեան նախագահութեան ընկերվարականներու թեկնածու Պընուա Համոնը, Եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Հարլեմ Տեզիրը, Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօն, Փարիզի Շրջանային խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրեսը, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանը, եւ դեռ Լիւք Գարվունասը, Ֆիլիփ Քալթընպախը, Ֆրանսուա Ռոշպլուանը, Վալերի Պուայէն, Ռընէ Ռուքէն…: Հոն էին նաեւ արուեստի աշխարհի հանրածանօթ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, ինչպէս Շառլ Ազնաւուր, Անտրէ Մանուկեան, Ռոպէր Քէշիշեան, Լիզ Սարեան…, լրագրողներ Փաթրիք Փուավր-տ՚Արվոր, Վալերի Թորանեան, Ֆրանց-Օլիվիէ Ժիզպէր, Ժորժ Մալպրիւնօ, Արիան Պոնզոն, հեռատեսիլի աշխարհէն Արա եւ Կորիւն Ափրիկեան, եւ բնականաբար՝ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ապա, Թորանեան եւ Փափազեան շքանշան յանձնեցին նաեւ այս առթիւ Սուրիայէն յատկապէս հրաւիրուած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Անոր միջոցով CCAF ուզած էր համայն Հալէպի Հայութիւնը պատուել: Ցուցադրուեցաւ այդ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն եւ վերականգնումի ճիգերուն նուիրուած կարճ տեսանիւթ մըն ալ, որմէ ետք ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ առաջնորդը: Ան իր խօսքը ձօնեց “իւրաքանչիւր Սուրիահայու, այդ բարբարոսութեան անմեղ զոհերուն եւ տառապող վիրաւորներուն։ Բայց նաեւ հայ համայնքի դերակատարներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ շարունակեցին իրենց կրթական, մարդասիրական, մշակութային կամ քաղաքական գործունէութիւնը. մեր երիտասարդներուն, որոնք անապահովութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ՝ տիւ եւ գիշեր պաշտպանեցին մեր թաղամասերը”։ Հալէպի առաջնորդին ցնցիչ ճառը արժանացաւ յոտնկայս ծափարահարութեան։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+