Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին Որդեգրած Նոր Որոշումէն - Հայերէն
29 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

17 Şubat 2017  

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին Որդեգրած Նոր Որոշումէն -

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին Որդեգրած Նոր Որոշումէն Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վրդոված Է Կիպրոսի Խորհրդարանին Որդեգրած Նոր Որոշումէն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանր քննադատութեան ենթարկած է Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ երկրի դպրոցական ծրագիրին մէջ «Էնոզիս»-ի տօնակատարութիւններու ներառման որոշումը:

Նշենք, որ նախապէս Կիպրոսի խորհրդարանը որդեգրած է Կիպրոսի միաւորման մասին 1950-ի հանրաքուէի (պատմութեան մէջ յայտնի իբրեւ Էնոզիսի հանրաքուէ) տարեդարձը տօնելու վերաբերեալ որոշում:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս իր կարգին յայտարարած է, որ այս որոշումը չի կրնար խանգարել կիպրական խնդիրին լուծումը:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` քննադատելով Կիպրոսի խորհրդարանի որոշումը, նշած է, որ կիպրացի թուրքերու գոյութիւնը հաշուի չառնող այս մօտեցումը կարիքը ունի հիմնովին փոխուելու, հակառակ պարագային կիպրական հիմնախնդիրին լուծումը շատ աւելի պիտի բարդանայ:

Յիշեցնենք, որ յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած էին Կիպրոսի հիմնախնդիրին շուրջ Կիպրոսի եւ թուրք կիպրացիներու ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւնները: ՄԱԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ժընեւեան բանակցութիւնները նկատած էր յառաջընթացի համար «պատմական կարելիութիւն»: Կիպրոսի կղզին վերամիաւորելու նախապէս կատարուած փորձերը տապալած են:

Բանակցութիւններու երկրորդ փուլին հոլովոյթին միացած էին Կիպրոսի անվտանգութեան երաշխաւոր երկիրներու` Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները:

Կղզին 1974-ին թրքական բանակի Կիպրոսի ներխուժումէն ի վեր կը մնայ մասնատուած:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+