ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը -  
 
	
 
	ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը
	
	 
	 
	
	ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Լոնտոնի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Բրիտանիոյ քաղաքացի է` աւելցնելով. «Չենք վախնար, եւ ահաբեկչութեան դիմակայման մեր վճռակամութիւնը պիտի չտկարանայ»: Ան նաեւ այլ յարձակումներ չբացառեց` աւելցնելով, որ յարձակումին հեղինակը ազդուած է ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարախօսութենէն: Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը երէկ հաղորդեց, որ խնդրոյ առարկայ անձին անունը Խալիտ Մասուտ է:
Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ բրիտանական խորհրդարանին մօտ կատարուած յարձակումին հարցով ձերբակալած է 7 կասկածեալներ:
Յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ եւ աւելի քան 20 վիրաւոր: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ զոհերուն շարքին է ամերիկացի մը:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com