Պէյրութի Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Կը Սկսի Վերապատրաստման Անվճար Դասընթացքներ Սուրիայէն Տեղահանո -  
 
	
 
	Պէյրութի Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Կը Սկսի Վերապատրաստման Անվճար Դասընթացքներ Սուրիայէն Տեղահանուած Անձերու Համար
	
	 
	 
	
	Ընթացիկ տարուան  Ապրիլի 3-էն սկսեալ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ կը սկսի քառամսեայ անվճար դասընթացք մը՝            Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար: Ծրագիրը կը գործադրուի աջակցութեամբը l’Oeuvre d’Orient բարեսիրական կազմակերպութեան:
Դասընթացքներու նպատակն է պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնել, որ անոնք ձեռք բերեն լեզուական, արհեստագիտական եւ արհեստներու վերաբերեալ նոր գիտելիքներ կամ զարգացնեն իրենց ունեցած գիտելիքները՝ նշեալ մարզերուն մէջ:
Դասընթացքները ուղղուած են 16-էն վեր տարիք ունեցող՝ նշեալ խումբի երկսեռ անդամներուն: Դասանիւթերն են՝ լեզուներ, համակարգչային գիտութիւններ եւ արհեստներ:
Դասընթացքներու տեւողութիւնը կը կազմէ 16 շաբաթ. կը նպատակադրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել նուազագոյնը մէկ լեզուի, համակարգչային գիտութիւններու մէկ ճիւղի եւ մէկ արհեստի ուսուցում:
Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ, շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00 – 8: 00:
Դասընթացքներու աւարտին մասնակիցներուն պիտի շնորհուի համապատասխան վկայագիր:
Դիմորդներու արձանագրութիւնները սկսած են: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի քարտուղարութիւն, հասցէն՝ Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց, հեռ. 01260504:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com