​Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

07 Nisan 2017  

​Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը -

​Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը ​Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Արցախցի Նկարիչի Անհատական Ցուցահանդէսը

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ նախօրէին բացուած է նկարիչ, Արցախեան գոյամարտի մասնակից, գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի «Խաղաղութեան ծաղիկներ» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը` նուիրուած Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի` ցուցահանդէսին Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան կարեւոր համարած է Արմէն Սողոմոնեանի ստեղծած կտաւներով կերտուած հայրենի չքնաղ բնաշխարհի գեղեցիկ, գողտրիկ անկիւնները:

«Գնդապետ Արմէն Սողոմոնեանի նկարներէն ջերմութիւն ու լոյս կը ճառագէ»,-ընդգծած է Յ. Գասպարեան:

Յակոբ Կիւրճեանի անուան ուսումնարանի ղեկավար Եուրի Յովհաննիսեան, իր խօսքին մէջ ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեան ծնունդով արցախցի է եւ իրաւացիօրէն ան այդ իրաւունքը կրկնակի նուաճած է, որովհետեւ ան մասնակցած է արցախեան ազատագրական պայքարին, որմէ ետք անցած է ստեղծագործական կեանքին»:

Բանաստեղծուհի Սիրվարդ Մարգարեան՝ խօսելով Ա. Սողոմոնեան անհատի մասին՝ մասնաւորապէս, ըսած է. «Արմէն Սողոմոնեանը ոչ միայն իր երկրի յաւէրժական զինուորն է, այլ նաեւ մեր հոգեւոր տիրոյթներու պահապանն է: Ան իր կտաւներուն մէջ կը բացայայտէ աշխարհ մը, որուն ծալքերէն մեզի կը հասնի սիրոյ եւ խաղաղութեան հիմնը: Պատերազմի թոհուբոհը տեսած զինուորականի հոգին պատերազմը չէ կոշտացուցած, հակառակը` աւելի զգայուն, աւելի նրբազգաց դարձուցած է: Ան մինչեւ ողն ու ծուծը զինուորական է, բայց այսօր զինք բացայայտեցինք նաեւ իբրեւ արուեստագէտ»:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են նկարիչներ, հեղինակի զինուորական ընկերներ, արուեստասէր հասարակայնութիւն եւ այլք:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+