​Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

17 Mayıs 2017  

​Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած -

​Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած ​Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 10 մայիսին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած ծրագիրի մը շուրջ, որ կ՛արտօնէր նպաստել սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Սթիւըրթ Ճոնզ:

Թիլըրսըն եւ Լաւրով «արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած են, անոնք քննարկած են, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յառաջընթաց արձանագրել Սուրիոյ հարցին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարը ընդունած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները այժմ ցած մակարդակի վրայ են», ըսած է Ճոնզ` նշելով, որ Ուաշինկթընի մէջ յոյս ունին, որ սուրիական խնդիրին շուրջ Մոսկուայի հետ հաղորդակցութիւնները պիտի բարելաւուին:

«Սակայն անոնք համաձայնութիւն չեն գոյացուցած շօշափելի միջոցի մը շուրջ, որ ուղղուած պիտի ըլլար Սուրիոյ մէջ վայրագութիւններու դադրեցման ու պիտի արտօնէր յառաջ շարժիլ ժընեւեան բանակցութիւններուն մէջ», նշած է ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններուն եւ կողմ են Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման:

Միւս կողմէ` Թիլըրսըն հերքեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գաղտնի տեղեկութիւն տրամադրած ըլլայ Լաւրովին, իսկ ռուսական կողմը ընդհանրապէս չէ մեկնաբանած այդ լուրը:

Նշենք, որ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի որոշ ներկայացուցիչներ, գրած էր, թէ Թրամփ անցեալ շաբաթ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաքի հետ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ փոխանցած է գերգաղտնի տեղեկութիւններ:

Նշեալ աղբիւրները շեշտած են, որ Միացեալ Նահանգներու գործընկեր մը իր տրամադրած տեղեկութիւնը Ռուսիոյ փոխանցելու արտօնութիւն չէ տուած Թրամփին: Ըստ ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներուն, Լաւրովին այդպիսի տեղեկութիւն փոխանցելով` Թրամփ կը վտանգէ համագործակցութիւնը այն գործընկերոջ հետ, որ ուղղակի կերպով հասողութիւն ունի ՏԱՀԵՇ-ի ներքին գործերուն:

Վերոնշեալ լուրը նաեւ հերքուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Աւելի ուշ, Թրամփ սակայն հաստատեց լուրը` ընդգծելով Ռուսիոյ տեղեկութիւններ փոխանցելու իր բացարձակ իրաւունքը: Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ռուսիոյ տեղեկութիւններ փոխանցեցի ահաբեկչութեան եւ թռիչքներու անվտանգութեան վերաբերեալ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+