​Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

17 Mayıs 2017  

​Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ -

​Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ ​Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ

16 մայիսի յետմիջօրէին Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ Ուաշիկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մը մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք քանի մը վիրաւորուած ցուցարարներ հիւանդանոց փոխադրուեցան:

«Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ նման յարձակումներ ակնկալելի չեն, թէեւ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ: Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժականութիւնը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ յարձակումին մէկ մասը տեսագրելով զետեղած է Հայ դատի Դիմատետրի էջին վրայ` հետեւեալ հասցէին` www.facebook.com/ancagrassroots:

Նշենք, որ Էրտողանի պաշտօնական այցելութեան դէմ ցոյցը սկսած է Լաֆայէթ հրապարակէն, իսկ յարձակումը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին բնակարանին մօտակայքը:

Ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հելենական խորհուրդին եւ շարք մը այլ քրտական, ասորական եւ յունական կազմակերպութեանց կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+