​Անգարա Իր Մօտ Կանչած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Բողոքելու Համար Թուրք Անվտանգութեա - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

23 Mayıs 2017  

​Անգարա Իր Մօտ Կանչած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Բողոքելու Համար Թուրք Անվտանգութեա -

​Անգարա Իր Մօտ Կանչած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Բողոքելու Համար Թուրք Անվտանգութեա ​Անգարա Իր Մօտ Կանչած Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը` Բողոքելու Համար Թուրք Անվտանգութեան Ծառայութեան Անդամներուն Նկատմամբ Վատ Վերաբերմունքին Դէմ

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած են Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` բողոքելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին թրքական անվտանգութեան աշխատակիցներուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքին համար:

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասի փոխանցուած է «գրաւոր եւ բերանացի բողոք» մը ընդդէմ «դիւանագիտական օրէնքներու եւ գործելաոճին հակասող» վարմունքին: Անգարա «դիւանագիտական այս միջադէպին շուրջ ամբողջական հետաքննութիւն մը» պահանջած է:

Նախարարութիւնը նշեց, որ «ամերիկեան իշխանութիւններուն պաշտօնական ծրագիրի իւրաքանչիւր հանգրուանին բաւարար նախազգուշութիւններ առնելու անկարողութեան պատճառով» ապահովական բացեր ստեղծուած էին` աւելցնելով, որ դէպքերը շուքի պիտի չմատնեն այլապէս «շատ յաջող» այցելութիւնը:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանելով այդ լուրը նշեց. «Թրքական անվտանգութեան ծառայութեան անդամներուն Ուաշինկթընի մէջ ունեցած վարուելակերպը շատ նեղացուցիչ էր»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+