​Պապը Խաղաղարար Ըլլալու Կոչ Կ՛ընէ Թրամփին - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

25 Mayıs 2017  

​Պապը Խաղաղարար Ըլլալու Կոչ Կ՛ընէ Թրամփին -

​Պապը Խաղաղարար Ըլլալու Կոչ Կ՛ընէ Թրամփին ​Պապը Խաղաղարար Ըլլալու Կոչ Կ՛ընէ Թրամփին

Մայիս 24-ին Վատիկան ժամանած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ձիթենիի մը արձանիկը նուէր ստացած է Ֆրանսիս պապէն, որ աշխարհի տարածքին խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն վրայ շեշտը դնելու կոչ ըրած է Թրամփին։ Պապը նաեւ անոր յանձնած է կենսոլորտի ջերմացումը զսպելու մասին 2015-ին իր կատարած բանախօսութեան արձանագրութիւնը՝ անոր ուշադրութեան յանձնելով այդ կարեւոր հարցը, որ շինծու պնդում մը կը նկատուի նախագահին կողմէ։ Այս մասին կը նշէ «Ռոյթըրզ»։

Ֆրանսիս պապ շեշտած է գաղթականներու օժանդակութեան հասնելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով Ուաշինկթընին, որ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրէ գաղթականական միջազգային տագնապը մեղմացնելու ջանքերուն։

Յիշեցնենք, որ Թրամփ ամօթալի համարած էր պապին կողմէ անցեալ տարի կատարուած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ անոնք, որոնք կամուրջներու փոխարէն պատեր կը շինեն, քրիստոնեայ չե՛ն։

Միւս կողմէ, Թրամփի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս վերահաստատած էր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի խաղաղ լուծման ու Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին հանդէպ իր յանձնառութիւնը: «Պաղեստինցիներուն հարցը բռնագրաւումի, բնակեցման եւ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը չյարգելու խնդիրն է», ըսած է Ապպաս:

Թրամփ, իր կարգին, արտայայտած է իր յանձնառութիւնը պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքին գծով։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+