​«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Քարտէսներով Պիտի Որոշեն Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Սահմա - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

27 Mayıs 2017  

​«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Քարտէսներով Պիտի Որոշեն Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Սահմա -

​«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Քարտէսներով Պիտի Որոշեն Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Սահմա ​«Ռուսիան, Թուրքիան Եւ Իրանը Քարտէսներով Պիտի Որոշեն Սուրիոյ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Սահմանները» Կ՛ըսէ Պոկտանով

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ փորձագէտները քարտէսներով պիտի որոշեն Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու սահմանները: Այնտեղ կը նախատեսուի հսկիչ անցակէտերու տեղակայում` զինեալներու մուտքը արգիլելու համար, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ գետնի վրայ ո՛վ պիտի վերահսկէ գօտիները: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով:

«Աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Յուշագիրին մէջ գրուած է, որ երաշխաւոր երկիրները աշխատանքային խումբեր պիտի կազմեն: Եւ երաշխաւոր երկիրները պէտք է ստեղծեն աշխատանքային խումբ, քննարկեն այդ ամէնը (թէ ո՛վ գետնի վրայ պիտի ապահովէ անվտանգութիւնը) եւ համաձայնին աշխատիլ քարտէսներով, նայիլ, թէ ո՛ւր պիտի ըլլան անվտանգութեան գօտիները, որոշել արտաքին սահմանները, թէ ո՛վ պիտի զբաղի մարդոց մուտքը արտօնելու հարցով, որովհետեւ մարդիկ պէտք է ազատ մուտք ունենան, իսկ ահաբեկիչները` ոչ: Այդ պատճառով պէտք է ստեղծուին հսկիչ անցակէտեր, եւ այդ գօտիներուն վրայ հսկողութիւն սահմանուի: Այդ ամէնը պէտք է ընել քարտէսներով», յայտարարած է Պոկտանով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+