Թիֆլիսի Մօտ` Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա Միացեալ Ռազմափորձեր -  
 
	
 
	Թիֆլիսի Մօտ` Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա Միացեալ Ռազմափորձեր
	
	 
	 
	
	Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասնայատուկ ուժերու դասակները Թիֆլիսի մօտ կ՛իրականացնեն «Կովկասեան արծիւ» միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ «Կովկասեան արծիւ» ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան 2009-էն ի վեր, սակայն եռակողմանի ձեւաչափով տեղի կ՛ունենան երրորդ անգամ ըլլալով: Մինչեւ հիմա ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենային Թուրքիոյ մէջ:
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, ռազմափորձերուն նպատակն է երեք երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան, բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան ապահովումը:
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com