Հայաստանէն Սուրիա Ուղարկուած է Մարդասիրական Օգնութեան Հերթական Խմբաքանակը -   
 
	 Հայաստանէն Սուրիա Ուղարկուած է Մարդասիրական Օգնութեան Հերթական Խմբաքանակը
 
	Հայաստանէն Սուրիա Ուղարկուած է Մարդասիրական Օգնութեան Հերթական Խմբաքանակը
	
	 
	 
	
	ՀՀ Նախագահի յանձնարարութեամբ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Յունիս 7ին Սուրիա առաքուած է հակամարտութենէն տուժած բնակիչներու համար նախատեսուած մարդասիրական օգնութեան հերթական խմբաքանակը:
Անիկա կը ներառէ մօտ 18 թոն առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ` հիմնականօրէն սննդամթերք: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
 Մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիա ուղարկուած է Ռուսիոյ ռազմաօդային ուժերու Իլ76 օդանաւով: Արկղներուն վրայ մակագրուած է. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:
Մարդասիրական օգնութեան ուղեկցելու եւ տեղւոյն վրայ բաշխումը կազմակերպելու նպատակով Սուրիա մեկնած են ՀՀ պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com