Գրաւումը կը շարունակուի - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

10 Temmuz 2017  

Գրաւումը կը շարունակուի -

Գրաւումը կը շարունակուի Փոխանցման որոշումը ջնջուեցաւ, սակայն գրաւումը կը շարունակուի

Մար­տի­նի քա­ղա­քա­կան հան­գա­ման­քին փո­խո­ւե­լով՝ շատ լուրջ խնդիր մը ծա­գած էր քա­ղա­քի ա­սո­րիա­պատ­կան ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու ճա­կա­տագ­րին հա­մար։ ­Նա­խա­պէս գիւղ հա­մա­րո­ւող բազ­մա­թիւ բնա­կա­վայր­ներ այս նոր դրու­թեամբ վե­րա­ծո­ւե­ցան թա­ղա­մա­սի եւ այդ գիւ­ղե­րուն սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­րո­ւած կա­լո­ւած­ներն ալ փո­խան­ցո­ւե­ցան ­Պե­տա­կան ­Գան­ձին։

Սա­կայն այս­տեղ խնդրոյ ա­րար­կայ կա­լո­ւած­նե­րը ա­սո­րա­պատ­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր եւ գե­րեզ­ման­ներ են։ ­Պե­տա­կան ­Գան­ձը այս հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը փո­խան­ցեց Կ­րօ­նից Տես­չու­թեան։ Այս տա­րօ­րի­նակ զար­գա­ցու­մին «Ա­կօս»ին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւե­լէն ետք կա­յա­ցած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ­Մար­տի­նի կու­սա­կա­լու­թիւ­նը վե­րա­նա­յի իր ո­րո­շու­մին եւ հրա­ժա­րի այս տա­րօ­րի­նակ գոր­ծադ­րու­թե­նէն։ ­Սա­կայն ան­շուշտ որ այս­քա­նը բա­ւա­րար չէ եւ հի­մա ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է ­Պե­տա­կան ­Գան­ձին փո­խան­ցո­ւած կա­լո­ւած­նե­րու սե­փա­կա­նա­թուղթ­նե­րուն ալ վերս­տին ա­սո­րի հա­մայն­քին ա­նու­նով գրան­ցու­մը։ Այս­տեղ պա­հան­ջո­ւա­ծը շնորհք մը չէ, այլ ար­դա­րու­թեան կա­յա­ցու­մը, քա­նի որ այդ կա­լո­ւած­նե­րը դա­րեր շա­րու­նակ մնա­ցած են ա­սո­րի հա­մայն­քի սե­փա­կա­նու­թեան մէջ։

Այս մա­սին ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան հե­տե­ւեալ հար­ցում­նե­րը ուղ­ղած է ­Վար­չա­պետ ­Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին եւ փոխ-վար­չա­պետ ­Վէյ­սէլ ­Քայ­նա­քին։

Ա.- Ի՞նչ նպա­տա­կով ­Մար­տի­նի ա­սո­րի­նե­րու պատ­կա­նած այս կա­լո­ւած­նե­րը փո­խան­ցո­ւած են Պե­տա­կան ­Գան­ձին։

Բ. ­Մար­տի­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին տե­ղա­պահ­ներ ղրկե­լէն ետք, ի՞նչ կար­գադ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են, մա­նա­ւանդ ա­նոնց նախ­կին քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն յա­րու­ցած դա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ։

Գ.- ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը ­Թուր­քիոյ հիմ­նադ­րու­թեան ե­րաշ­խիքն է նաեւ։ ­Կա­տա­րո­ւա­ծը այդ դաշ­նագ­րի 38էն սկսեալ մին­չեւ 48րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րու մէջ նշո­ւած ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­կո­խումն է։ ­Դաշ­նագ­րի 37րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը հաս­տա­տէ, թէ օ­րի­նա­կան ո՛չ մէկ ո­րո­շում, օ­րէն­քի նա­խա­գիծ կամ կա­նո­նադ­րու­թիւն չի կրնար հա­կա­սել այս հա­մա­ձա­յա­նագ­րի պար­տադ­րած պայ­ման­նե­րուն։ Ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք կա­տա­րուա­ծը։





Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+