​Տեսակէտ. Վասն Ինչի - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

13 Temmuz 2017  

​Տեսակէտ. Վասն Ինչի -

​Տեսակէտ. Վասն Ինչի ​Տեսակէտ. Վասն Ինչի

9 յուլիսին վերջ գտաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմակերպած Անգարա-Պոլիս «Արդարութեան քայլարշաւ»-ը: 15 յունիսին ընթացք առած, խաղաղ կերպով սկիզբ ու խաղաղութեամբ աւարտած 25-օրեայ քայլարշաւին ընթացքին Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը` 69 ամեայ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն 432 քիլոմեթր քալեց` թէ՛ հեռաւորութեան, թէ՛ օրերու թիւի առումով շրջանցելով 1930-ին Հնդկաստանի մէջ «Աղի քայլարշաւ»-ի ընթացքին Կանտիի հաստատած մրցանիշը: Իրողութիւն մը, որ շեփորուեցաւ տակաւին չփակուած, Էրտողանի վերահսկողութեան տակ չգտնուող թրքական օրաթերթի մը յօդուածագիրին կողմէն:

Մարտավարական ճիշդ որոշումով մը, Քըլըճտարօղլուն արգիլած էր քայլարշաւին ընթացքին կուսակցական դրօշներ բարձրացնելը եւ անոնց փոխարէն միայն բարձրացուցած «Արդարութիւն» եւ «Իրաւունքներ, օրէնք, արդարութիւն» կարգախօսներով պաստառներ, ինչ որ էապէս նպաստեց մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովման:

Կանտիի անունի օգտագործումը, ցոյցին խաղաղ բնոյթն ու բարձրացուած կարգախօսները կը ստեղծեն առերեւոյթ գեղեցիկ ու խաբուսիկ պատկեր մը, որ կրնայ յառաջացնել անտեղի պատրանքներ ու յոյսեր: Ճիշդ է, որ քայլարշաւը կ՛ընթանայ «Ատելեթ» (Արդարութիւն) կարգախօսին ներքեւ եւ քայլարշաւին մասնակիցները կը պահանջեն արդարութիւն, սակայն որո՞ւ համար: Քայլարշաւը ընթացք առաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Էնիս Պերպերօղլուի պետական գաղտնիքներ հրապարակելու ենթադրեալ յանցանքին համար 25 տարի բանտարկութեան դատապարտուելէն մէկ օր ետք: Սակայն ո՞ւր էին իրաւունքներու, օրէնքի եւ արդարութեան այս պաշտպանները, երբ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած այլ կուսակցութեան մը` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները լեցուցին բանտերը, երբ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ յեղաշրջումի ձախող փորձի ենթադրեալ մեղսակցութեան ամբաստանութեամբ բանտարկուեցան կամ գործազուրկ դարձան:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ամէնէն հին կուսակցութիւնն է եւ հիմնուած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին կողմէ, տարիներով եղած է իշխանութեան գլխուն եւ ինք եւս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նման իրաւազրկած, օրէնքները կամայականօրէն կիրարկած եւ արդարութիւնն ու անոր ձայնը խեղդած է: Այս իրողութիւնը աւելի յստակ եւ շեշտակի կը դառնայ, երբ արձանագրուած զարգացումը դիտենք հայկական պրիսմակէն: Ուրեմն, որո՞ւ համար արդարութեան, որո՞ւ իրաւունքներուն մասին է խօսքը, թուրք ժողովուրդի՞ն, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններո՞ւն, թէ՞ Պերպերօղլուին ու անոր կուսակցութեան: Որո՞ւ համար եւ վասն ինչի՞ կազմակերպուած էր այս քայլարշաւը, իրաւունքներո՞ւ եւ արդարութեա՞ն, թէ՞ քաղաքական շահերու:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+