​Սեւան Նշանեան` Էրտողանեան Բանտէն Եւ Թուրքիայէն Դուրս - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

16 Temmuz 2017  

​Սեւան Նշանեան` Էրտողանեան Բանտէն Եւ Թուրքիայէն Դուրս -

​Սեւան Նշանեան` Էրտողանեան Բանտէն Եւ Թուրքիայէն Դուրս ​Սեւան Նշանեան` Էրտողանեան Բանտէն Եւ Թուրքիայէն Դուրս

Թրքական տարբեր աղբիւրներու համաձայն, պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան խոյս տուած է թրքական բանտէն:

Արդարեւ, ան 14 յուլիսի առաւօտեան, բանտի ղեկավարութեան արտօնութեամբ, հերթական անգամ ըլլալով դուրս եկած է բանտէն` վերադառնալու պայմանով, որովհետեւ իբրեւ ոչ վտանգաւոր բանտարկեալ` Նշանեան ենթակայ էր «բանտային բաց դրութեան», հետեւաբար` հերթականօրէն կրնար նման «արձակուրդներ» վայելել:

Սակայն, այս անգամ, Նշանեան որոշուած ժամուն չէ վերադարձած Ֆոճայի բանտ, իսկ աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի եւ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջերուն վրայ գրած է. «Թռչունը թռաւ: Տարոսը մնացեալ 80 միլիոնին», ակնարկելով Թուրքիոյ բնակչութեան:

Աւելի ուշ, Նշանեան «Հապերթիւրք» լրատու գործակալութեան հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով հաստատած է, որ ինք երկրէն հեռացած է` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:

Այս մասին թուրք այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ գրած է. «Սեւան Նշանեանը փախուստի դիմած է` ըսելով. «թռչունը թռաւ», բոլոր թռչուններուն համար ազատ աշխարհի մը ակնկալիքով…»:

Նշենք, որ Նշանեան 2014-ին 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր` անհիմն ամբաստանութիւններով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+