Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները -   
 
	 Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները
 
	Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները
	
	 
	 
	
	Գերմանիան որոշում կայացուցած է առկախել Թուրքիոյ հետ համատեղ ռազմարդիւնաբերական նախագիծերը:  Այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝  յղում կատարելով գերմանական «Bild» պարբերականին:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարած է այս որոշման մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելէ, սակայն տեղեկատուութիւնը տարածուած է կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրներէ: Կը նշուի, որ նախագիծերու սառեցման պատճառը Թուրքիոյ մէջ վեց իրաւապաշտպաններու կալանաւորումն է, որոնց մէջ է նաեւ գերմանացի Փիթըր Շթոյդթները:
Յայտնի է, որ առկախման որոշումը պիտի տարածուի ինչպէս կողմերուն միջեւ առկայ ընթացիկ նախագիծերուն, այնպէս ալ յառաջիկային սպասուող, դեռեւս չմեկնարկած ծրագիրերու վրայ:
Աղբիւրին հաւաստմամբ` Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ քաղաքացիներու կալանաւորման, ինչպէս նաեւ` գերմանական կազմակերպութիւններուն ուղղուած սպառնալիքներուն պատճառով դաշնային կառավարութիւնը կը վերանայի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 5-ին Սթամպուլի մէջ ձերբակալուած գերմանացի իրաւապաշտպան Փետըր Շթոյդթների կալանաւորումէն ետք Գերմանիոյ արտաքին  գործոց նախարար Զիգմար Գաբրիէլը դադրեցուցած էր արձակուրդը եւ անմիջապէս վերադարձած Պերլին:
Ան յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերուող համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է, իսկ Թուրքիա մեկնիլ ցանկացող Գերմանիոյ քաղաքացիներուն զգուշացնող նոր կոչ ըրած էր: ԱԳ նախարարը նաեւ յորդորած էր Եւրոմիութեան` վերանայիլ Թուրքիոյ տրամադրուող նիւթական աջակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ` ոչ ոք երաշխաւորել Թուրքիոյ վարկեր տրամադրելու հարցով:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com