​Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

26 Temmuz 2017  

​Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ -

​Սեւան Նշանեանէն նոր բացատրութիւններ Սե­ւան Ն­շա­նեա­նէն նոր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ.- «Զ­գա­ցու­ցին, որ պի­տի շա­րու­նա­կեն հո­գիս ցաւց­նել»

Վեր­ջերս բան­տէն փա­խած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան ­Սե­ւան Ն­շա­նեան, թրքա­կան եւ հայ­կա­կան զա­նա­զան լրաս­փիւռ­նե­րու հետ զրոյց­նե­րու մի­ջո­ցաւ, նոր բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու տայ բան­տա­յին պայ­ման­նե­րուն, փա­խուս­տի դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին:

Այս­պէս, «Ա­կօս»ի հետ զրոյ­ցին՝ Ն­շա­նեան սա­պէս բա­ցատ­րած է իր փա­խուս­տին պատ­ճառ­նե­րը. «­Մէկ-եր­կու տա­րի բան­տը պառ­կի­լը աչ­քի ա­ռած էի։ Ե­րեք ու կէս տա­րի ար­գե­լա­փա­կու­մը քիչ մը յոգ­նե­ցուց։ ­Դեռ կը մնար ե­րեք տա­րի եւ պարզ դար­ձաւ, որ ան­կէ ետք ալ զիս ա­զատ ար­ձա­կե­լու նպա­տակ չու­նին»։
Ի տար­բե­րու­թիւն լրաս­փիւռ­նե­րու նա­խա­պէս հա­ղոր­դած ա­ւե­լի շփոթ լու­րե­րուն, այս ան­գամ «Ա­կօս» յստակ կեր­պով կը յայ­տա­րա­րէ, թէ մտա­ւո­րա­կա­նը ար­տա­սահ­ման մեկ­նած է, բայց քա­նի մը տող ան­դին ալ կը գրէ. «­Թուր­քիա՞ կը գտնո­ւի, թէ՞ ար­տա­սահ­ման» հար­ցու­մին՝ Ն­շա­նեան պա­տաս­խա­նեց.- «Ո՛ւր եմ՝ ես ալ չեմ գի­տեր» ու ար­տա­սահ­ման իր մեկ­նու­մին առն­չու­թեամբ ը­սաւ.- «­Տա­րո­սը բո­լոր չար­չա­րեալ­նե­րուն»։

Պե­տու­թեան կող­մէ իր փա­խուս­տի գնա­հա­տա­կա­նին մա­սին հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ լե­զո­ւա­բան մտա­ւո­րա­կա­նը ը­սած է.- «­Շի­րին­ճէի մէջ իմ տա­րած պայ­քա­րը ըն­կա­լո­ւե­ցաւ որ­պէս «պե­տու­թեան ընդ­դի­մա­ցում»։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ «պե­տու­թիւն» կո­չե­ցեալ դի­ւա­նա­կա­լա­կան սա­կա­ւա­պե­տու­թեան ան­վերջ ո­խին եւ ա­տե­լու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձայ։ ­Յա­ւե­լեալ՝ երբ մահ­մե­տա­կան ո­րոշ զգա­յուն լա­րե­րու դպչե­լու հարց ծա­գե­ցաւ, այդ կող­մի ղե­կա­վար­նե­րը ո­րո­շե­ցին զիս «կա­խա­ղան բարձ­րաց­նել»։ ­Շի­նա­րա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ դա­տե­րը գոր­ծին ծած­կոյթն են միայն։ Իս­լա­մը նա­խա­տե­լու պատ­ճա­ռով դա­տա­պար­տո­ւե­ցայ։ ­Բայց քա­նի որ ա­տի­կա այն­քան ալ նպա­տա­կա­յար­մար չէր զիս բան­տար­կե­լու որ­պէս դրդա­պատ­ճառ, կուտ ու կոր­կոտ չու­նե­ցող պատ­րուակ­նե­րով՝ թղթած­րար­ներ սար­քե­ցին դէմս»։

Ն­շա­նեան ա­ւել­ցու­ցած է.- «­Կար­ծեմ՝ ու­զե­ցին, որ եր­թամ։ Ին­ծի զգա­ցու­ցին, որ պի­տի շա­րու­նա­կեն հո­գիս ցաւց­նել։ Ա­սի­կա թրքա­կան պե­տու­թեան դա­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է։ Հա­րիւր տա­րի է՝ չէ փո­խո­ւած։ Ա­հա­բե­կէ՝ որ փախ­չին։ Ան­շուշտ, որ կը փոր­ձես դի­մադ­րել. բայց մին­չեւ ո՞ւր»։

Ն­շա­նեա­նի փաս­տա­բան­նե­րէն ­Կիւլ­չին Աւ­շար ալ «Ա­կօս»ին տո­ւած է հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը. «Ապ­րած­նե­րը, եր­կար ժա­մա­նակ բան­տը մնա­լը եւ ար­դա­րա­դա­տու­թեան կող­մէ ա­նի­րա­ւո­ւած ըլ­լա­լու զգա­ցու­մը — որ­քան որ գի­տենք՝ ան միակն էր, որ բան­տար­կո­ւած էր նման յան­ցան­քի մը հա­մար,- զինք այս քայ­լին ա­ռաջ­նոր­դած կրնան ըլ­լալ։ Երբ կը մտա­ծէք, որ Սե­ւան տաս­նա­մեակ­նե­րով զբա­ղե­ցաւ, որ­պէս­զի ­Շի­րին­ճէ ու­նե­նայ շի­նա­րա­րա­կան կար­գին ծրա­գիր մը…։ Ոչ միայն այդ­տե­ղի պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցին վնաս չհաս­ցուց ան, այ­լեւ ընդ­հա­կա­ռակն՝ կրնանք ը­սել, որ այդ գիւ­ղը վե­րա­ծեց զբօ­սաշր­ջա­կան հրա­շա­լի­քի մը։ ­Չեմ գի­տեր, սա­կայն, թէ բան­տէն ինչ­պէ՛ս եւ ին­չո՛ւ փա­խած է։ ­Բայց կ­՚են­թադ­րեմ, թէ ու­զած ըլ­լա­լու է ա­զա­տու­թիւ­նը վե­րագտ­նե­լով՝ շա­րու­նա­կել իր գրա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը»։

«­Բան­տա­պա­տում»
Միւս կող­մէ, Ն­շա­նեան իր պլո­կին վրայ ­Հինգ­շաբ­թի՝ ­Յու­լիս 20ին զե­տե­ղած է գրու­թիւն մը, ուր «­Բան­տա­պա­տում» խո­րագ­րին տակ կը հիւ­սէ իր ար­գե­լա­փակ­ման ե­րեք ու կէս տա­րի­նե­րու պա­տու­մը:

Կը գրէ.- «2014 ­Յու­նո­ւար 2ին մտայ ­Թոր­պա­լըի բաց դրու­թեամբ բան­տը։ Այդ­պի­սի բան­տեր հա­մե­մա­տա­բար հան­գիստ են, սա­կայն ա­տոր փո­խա­րէն ստի­պո­ւած ես կողք-կող­քի ապ­րե­լու սահմռ­կե­ցու­ցիչ կրթու­թեան մա­կար­դա­կով եւ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով քա­նի հա­րիւր մար­դու հետ։ Ս­տի­պո­ւած ես հան­դուր­ժե­լու գրե­թէ ա­նոնց մա­կար­դա­կին գտնո­ւող ղե­կա­վար կազ­մի վի­րա­ւո­րանք­նե­րուն եւ ստո­րա­ցում­նե­րուն»։

Այ­նու­հե­տեւ մտա­ւո­րա­կա­նը կը պատ­մէ, թէ ինչ­պէ՛ս իր կեն­ցա­ղը ա­նա­խորժ էր բան­տի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար եւ ա­միս մը ետք ան փո­խադ­րո­ւե­ցաւ փակ դրու­թեամբ բանտ: ­Հոն՝ Պու­ճա­յի փակ բան­տին մէջ ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կա­նը 40 հո­գիի հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած բան­տա­խու­ցը կը բաժ­նէր 120 բան­տար­կեա­լի հետ: Այ­նու­հե­տեւ կը տե­ղա­փո­խո­ւի ­Շաք­րա­նի փակ բան­տը, ուր ա­միս մը կը մնայ զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դի պատ­ճա­ռով 56 տա­րի բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած տիգ­րա­նա­կերտ­ցի կա­լո­ւա­ծա­տի­րոջ մը եւ ա­նոր մեղ­սա­կի­ցին հետ նոյն բան­տա­խու­ցին մէջ:

2014 ­Յու­լի­սին Ն­շա­նեա­նը կը փո­խադ­րեն Այ­տը­նի Ե­նի­փա­զար փակ բան­տը: ­Հոն, ան կ­՚ու­նե­նայ ա­զատ բան­տա­խուց եւ շա­բա­թը 5 օր, 6ա­կան ժա­մով, հա­մա­կար­գի­չէ եւ հա­մա­ցան­ցէ օգ­տո­ւե­լու կա­րե­լիու­թիւն: Այդ­պէս, 14 ա­միս այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ կ­՚աշ­խա­տի իր հե­ղի­նա­կած բա­ռա­րա­նին վրայ, կ­՚ու­սում­նա­սի­րէ թրքե­րէն եւ օս­մա­նե­րէն հա­րիւ­րա­ւոր աղ­բիւր­ներ: Այդ ըն­թաց­քին իր դէմ յա­րու­ցո­ւած դա­տե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին եւ ի­րեն տրո­ւած պա­տի­ժը կ­՚ա­ւել­նայ՝ նախ հաս­նե­լով 11, ա­պա՝ 17 տա­րո­ւան:

2015 Օ­գոս­տո­սին բաց դրու­թեամբ ­Սէօ­քէի բան­տը կը տե­ղա­փո­խո­ւի: ­Սեպ­տեմ­բե­րին եւ Դեկ­տեմ­բե­րին եր­կու ան­գամ ար­ձա­կուր­դի ի­րա­ւունք կը ստա­նայ: «Ա­ռա­ջի­նին, «­Նոք­թա» հան­դէ­սէն հար­ցազ­րոյ­ցի ե­կան։ Հ­րա­տա­րա­կե­ցին այն­պի­սի նկա­րով մը, ուր կը ստա­ցո­ւէր այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ մեր յար­գե­լի ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեան ձեռ­քի տգեղ նշան կ­՚ը­նեմ (նկա­րը՝ ստո­րեւ): Իսկ երկ­րորդ ար­ձա­կուր­դը կը զու­գա­դի­պէր տա­րե­դար­ձիս։ Ո­րո­շե­ցի ըն­կեր­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու հետ խնճոյք կազ­մա­կեր­պել։ ­Չեմ գի­տեր՝ ուր­կէ՞ պոր­տա­խա­ղի պա­րու­հի մը յայտ­նո­ւե­ցաւ, նաեւ՝ լրագ­րող մը, որ նոյն­պէս չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՛ւ հոն կը գտնո­ւէր. ան­մի­ջա­պէս լու­սան­կա­րեց մեզ։ Եւ չեմ հասկ­ցած ին­չո՞ւ, այս ոչն­չու­թիւ­նը մեծ­ցուց եւ իր թեր­թին մէկ ան­կիւ­նը հրա­պա­րա­կեց այդ նկա­րը»,- կը պատ­մէ Ն­շա­նեան:

Ատ­կէ քա­նի մը շա­բաթ ետք բան­տին մէջ Ն­շա­նեա­նը «կը բռնեն» հա­մա­կար­գիչ գոր­ծա­ծե­լու ըն­թաց­քին եւ կը խզեն հա­մա­ցան­ցա­յին կա­պը: Ա­պա, ան կրկին կը տե­ղա­փո­խո­ւի փակ բանտ ու կ­՚են­թար­կո­ւի կար­գա­պա­հա­կան բազ­մա­թիւ եւ շատ խիստ պա­տիժ­նե­րու:

2016 ­Մար­տին կը տե­ղա­փո­խո­ւի ­Մե­նե­մէ­նի փակ բանտ, ուր ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն խճո­ղո­ւած բան­տա­խու­ցե­րու մէջ՝ սինլ­քոր­նե­րու հետ կե­նակ­ցե­լու կը պար­տադ­րո­ւի: ­Շատ դժո­ւար օ­րեր կ­՚ապ­րի: ­Նա­մակ­նե­րու տես­քով գիրք մը կը գրէ իր փոքր աղջ­կան՝ Ա­նա­հի­տին եւ ա՛յդ է, որ զինք կը փրկէ ընկ­ճախ­տէն, ո­րու մէջ մխրճո­ւած էր:

2017 ­Փետ­րո­ւա­րին տե­ղի ու­նե­ցած օ­րէն­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ­Մարտ 25ին հայ մտա­ւո­րա­կա­նը կը տե­ղա­փո­խո­ւի ­Ֆո­չա­յի բաց բանտ: «­Նախ­կին­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տած՝ հոն շատ հան­գիստ ու յար­մա­րա­ւէտ էր։ Ին­ծի շատ նե­ղու­թիւն չէին տար։ Ես ալ, ի հար­կէ, կ­՚օգ­տո­ւէի ա­ռի­թէն։ ­Նոյ­նիսկ ա­զա­տօ­րէն տե­ղա­փո­խո­ւե­լու հա­մար հե­ծա­նիւ ձեռք ձգե­ցի եւ դար­ձայ Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ հե­ծա­նի­ւով ա­ռա­ջին դա­տա­պար­տեա­լը»,- կը պատ­մէ ան:

Ի վեր­ջոյ, Ն­շա­նեա­նի համ­բե­րու­թիւ­նը կը սպա­ռի: Ան կը հասկ­նայ, որ ոչ ոք տրա­մադ­րու­թիւն ու­նի զինք ա­զատ ար­ձա­կե­լու: Ա­ւե­լի՛ն, տա­րի­ներ ա­ռաջ հե­ռա­տե­սի­լի յայ­տագ­րե­րէ իր այս կամ այն ար­տա­յայ­տու­թեան հա­մար դեռ նո­րա­նոր դա­տեր կը յա­րու­ցո­ւին եւ պա­տի­ժը հետզ­հե­տէ կ­՚ա­ւել­նայ:

«Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, եր­կու տա­րի ա­ռաջ ար­դէն յստակ էր, որ ա­տոր վեր­ջը այս­պէս պի­տի ըլ­լայ։ 2015 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ես ար­դէն պատ­րաստ էի փախ­չե­լու։ ­Բայց ըն­կեր­ներս թե­լադ­րե­ցին քիչ մը եւս սպա­սել, համ­բե­րա­տար ըլ­լալ, լաւ պատ­րաս­տո­ւիլ… ­Մինչ­դեռ, այդ ա­մէ­նը զուր էր։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ե­թէ կ­՚ու­զես առ­նել ո­րե­ւէ կտրուկ քայլ՝ եր­բեք ա­կանջ պի­տի չկա­խես ի­մաս­տուն մար­դոց խոր­հուրդ­նե­րուն։ Ն­ման քայլ առ­նե­լու հա­մար պէտք է խենթ ըլ­լալ, չմտա­ծել սկիզ­բին ու ա­ւար­տին մա­սին»,- կը գրէ Ն­շա­նեան:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան մէկ առ մէկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր հե­ռու-մօ­տիկ, ծա­նօթ ու ան­ծա­նօթ ան­ձե­րուն, ո­րոնք այս կամ այն ձե­ւով զօ­րակ­ցե­ցան ի­րեն՝ բան­տար­կու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին եւ փա­խուս­տի ժա­մա­նակ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+