​«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ - Հայերէն
07 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

21 Ağustos 2017  

​«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ -

​«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ ​«Անգարայի Նկատմամբ Մեր Քաղաքականութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կարծր» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ փոխել Թուրքիոյ նկատմամբ կարծր քաղաքականութիւնը` նշելով, որ Գերմանիան ստիպուած է այդ քաղաքականութիւնը երկար ատեն վարել եւ չի նախատեսեր, որ կացութիւնը փոխուի քանի մը շաբաթէն:

Կապրիէլ ընդգծեց, որ ներկայ փուլին կարելի չէ Մաքսային միութեան ստեղծման շուրջ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները շարունակել: «Թուրքիոյ կողմէ ձերբակալուած գերմանացի քաղաքացիներուն նկատմամբ վարմունքին լոյսին տակ Մաքսային միութեան բանակցութիւններու շարունակումը չեմ կրնար պատկերացնել», ըսաւ ան:

Մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գերմանաբնակ թուրքերուն ուղղած այն կոչը, որով անոնցմէ պահանջած էր Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձայն չտալ Թուրքիոյ «թշնամի» կուսակցութիւններուն` Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան, Ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Կանաչներու կուսակցութեան, Կապրիէլ յայտնեց, որ Էրտողանի կոչը մինչեւ օրս որեւէ երկրի ղեկավարի կողմէ չլսուած ու չտեսնուած անարգանք է Գերմանիոյ գերիշխանութեան:

Զիկմար Կապրիէլ գերմանացիներուն կոչ ուղղեց պայքարելու իրենց երկրի գերիշխանութեան ուղղուած այդ յարձակումին դէմ:




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+