«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները, Էրտողան Պիտի Հզօրանայ Երկրին Մէջ» Կ - Հայերէն
19 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Անահիտ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

29 Ağustos 2017  

«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները, Էրտողան Պիտի Հզօրանայ Երկրին Մէջ» Կ -

«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները, Էրտողան Պիտի Հզօրանայ Երկրին Մէջ» Կ «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները, Էրտողան Պիտի Հզօրանայ Երկրին Մէջ» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտնած է, թէ ճիշդ չի նկատեր Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ բանակցութիւններու ամբողջական դադրեցումը, որովհետեւ այդ պարագային Եւրոպական Միութիւնը միայն նոր յաղթաթուղթեր պիտի դնէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ձեռքը:

«Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Կապրիէլ շեշտած է, որ Եւրոպական Միութեան` Թուրքիայէն ամբողջովին հրաժարիլը պիտի ուժեղացնէ Էրտողանի դիրքերը Թուրքիոյ մէջ, ուր ան կը փորձէ հաստատել բռնապետական կարգեր:

«Ան իր ձեռքին մէջ հզօր խաղաթուղթ պիտի ունենայ այն իմաստով, որ Եւրոպան իրենց կռնակ դարձուցած է: Ան պիտի ըսէ. «Ահա, տեսէ՛ք, անոնք մեզի չեն ուզեր». ատիկա պիտի ուժեղացնէ երկրին մէջ անոր իշխանութիւնը», նշած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

Կապրիէլ աւելցուցած է, որ եթէ Գերմանիան խզէր իր յարաբերութիւնները բոլոր ոչ ժողովրդավարական երկիրներուն հետ, ապա անոնց մօտ ժողովրդավարական սկզբունքներու տարածման ուղղուած աշխատանքը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+