ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Գիտաժողովը՝ Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

02 Eylül 2017  

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Գիտաժողովը՝ Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան -

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Գիտաժողովը՝ Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Գիտաժողովը՝ Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Նորթրիճի Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի (CSUN) Հայագիտական բաժանմունքի համագործակցութեամբ, կազմակերպած է երկօրեայ գիտաժողով մը՝ «Հայկական պետականութեան վերականգնում՝ իրագործումներ եւ մտածումներ» բնաբանով, որ նուիրուած է 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին:

Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, 2018ի Մայիս 5ին եւ 6ին, CSUN համալսարանի Plaza Del Sol սրահին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի առիթով Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կեանքի կոչուած կազմակերպիչ յանձնախումբը մշակած է ուշագրաւ ծրագիր մը, որուն կը մասնակցին անուանի մասնագէտներ՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ արտասահմանէն: Խորհրդաժողովը կարեւորութեամբ պիտի քննարկէ նոր մեկնաբանութիւններ, յարացոյցներ եւ պատմական իրողութիւններ՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը ձեւակերպած ընկերային, տնտեսական ու մշակութային գործօններուն վերաբերեալ:

Կեդրոնական կոմիտէն կը հրաւիրէ համայնքիս անդամները մասնակցելու հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենաառանցքային ժամանակաշրջանը ներկայացնող սոյն գիտաժողովին: «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը նշանակալից պատեհութիւն կ՛ընձեռէ մեր համայնքին, խորքային ուսումնասիրութեան ենթարկելու այդ ճակատագրական ժամանակները՝ տարբեր հեռանկարներու ընդմէջէն, զորս զարգացան անցեալ հարիւր տարիներուն ընթացքին: Արդարեւ, կարեւոր է, որ անդրադառնալով Հայաստանի ինքնիշխանութեան պատմութեան, այսօր կը նշենք այս պատեհ իրադարձութիւնը, որպէսզի հասկնանք այսօրուան պետականութեան տակաւին գոյատեւող մարտահրաւէրները», կ՛ըսէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:

Խորհրդաժողովը խորքային եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկէ Հայաստանի պետականութեան վերածնունդը 1918-1920 թուականներուն:

«Մենք գիտաժողովը կը դիտենք իբրեւ միջոցառում մը, որ յետադարձ հայեացք կը նետէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան երկարատեւ ազդեցութեան, հայկական պետութեան եւ հայ ժողովուրդին վրայ: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտումը յիրաւի ուշագրաւ իրադարձութիւն մըն էր: Հակառակ յուսահատական տարակարծութիւններուն եւ վիթխարի խոչընդոտներուն, պատմական այս իրադարձութիւնը կը խօսի հայ ժողովուրդի տոկունութեան եւ հաւաքական ապագայի ստեղծման տեսլականին մասին: Այդ առումով կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ մշակուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ մասնագէտներուն եւ հասարակութեան», կ՛ըսէ յանձնախումբի անդամներէն՝ Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանի պատմութեան փրոֆեսոր դոկտ. Ստեփան Աստուրեան:

Գիտաժողովին մուտքը ազատ է բոլորին համար: Ծրագիրի եւ բանախօսներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները կը հրապարակուին գալիք ամիսներուն:




Bu haber Azbarez kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Azbarez) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Azbarez). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+