ոյս Տեսած է Գրիգոր Զոհրապի Ստեղծագործութիւնը -  
 
	
 
	ոյս Տեսած է Գրիգոր Զոհրապի Ստեղծագործութիւնը
	
	 
	 
	
	 «Արաս» հրատարակչատունը թրքերէնով հրատարակած է հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Գրիգոր Զոհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» ժողովածուն, կը յայտնէ «Նիուզ»-ը:
«Արաս» հրատարակչութեան կայքը կը տեղեկացնէ, որ Գրիգոր Զոհրապ ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, 1861-ին, իսկ յիշեալ ժողովածուն ներկայացուցած է ընթերցողին 1911-ին:
Գրիգոր Զոհրապ իր ժամանակին ստացած էր լաւագոյն կրթութիւն, հանդիսացած է բաւական լաւ իրաւաբան, գրող եւ քաղաքական գործիչ:  Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք ան պատգամաւոր դարձած է, սակայն ատիկա չօգնեց անոր Ցեղասպանութեան օրերուն: Ան, 225 պոլսահայ մտաւորականներու հետ շարքին էր, որոնք 1915-ի Ապրիլ 24-ին ուղարկուեցան մահուան ճամբորդութեան:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com