​Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

14 Kasım 2017  

​Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան -

​Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան ​Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Ամբողջութեամբ Վերականգնուեցան» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ռուս-թրքական յարաբերութիւնները ամբողջովին վերականգնուեցան»: Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը աւելցած է 36 առ հարիւրով, «եւ վերացուցինք մեր յարաբերութիւններուն զարգացումը խանգարող բոլոր արգելքները», ըսաւ ան:

«Պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցով աշխատիլ», յայտնեց Փութին` աւելցնելով, որ իրենք շեշտը դրած են ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութեան վրայ:

«Մենք աշխատանք կը տանինք սուրիացիներուն օգնելու իրենց երկրին վերակառուցման մէջ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

«Մենք Թուրքիոյ հետ պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին աջակցելու», ըսաւ Փութին` աւելցնելով. «Աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան յարմար պայմաններու ապահովման համար»:

Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին նշեց, որ «Ռուսիոյ հետ համաձայնեցանք ռազմավարական յարաբերութիւնները խորացնելու շուրջ»` աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են»:

«Կարեւոր կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք, եւ պիտի շարունակենք մեր հանդիպումներն ու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` մեր երկիրներուն միջեւ համակարգում կատարելու համար», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտնեց, որ լարուածութեան մեղմացման գօտիները Սուրիոյ տագնապի լուծման հիմը կը նկատուին: «Մոսկուայի հետ համաձայն ենք ներկայիս Սուրիոյ մէջ դէպի քաղաքական լուծում ուղղուելու համար պայմաններու պատրաստութեան շուրջ», ըսաւ ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+