Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

05 Nisan 2018  

Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։ -

Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։ Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ։

Հինգշաբթի՝ 5 ապրիլ 2018-ին, յետ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Գարեգին Բ ու Արամ Ա վեհափառի հետ ունեցած հանդիպումներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ,ժամը 12-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ նախագահեց Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման ու օրհնութեան արարողութեան որուն ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ Նախագահն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Գարեգին Բ եւ Արամ Ա կաթողիկոսներն ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Հայ եւ Լատին եկեղեցւոյ պատկան բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը ողջունուեցաւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու հնչեցուցած «Թարգմանչաց» շարականով, ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն՝ (Գլ. 15, 9-17) ուր Յիսուս կը փոխանցէ իր սիրոյ պատուիրանը ըսելով «սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ աւելցնելով որ«Զկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»։ Աւետարանէն ետք արտասանուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն քաղուած աղօթք մը ապա Քահանայապետը օրհնեց արձանը «այս նշանաւ, Սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուր շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ», հուսկ տեղի ունեցաւ արձանի քօղազերծումը ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեանի։

Արարողութիւն շարունակուեցաւ Արամ Ա Վեհափառի պաղատանքի աղօթքով որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի աղօթքը հուսկ Գարեգին Բ Կաթողիկոսին աղօթքը ու Տէրունական աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ հայ եկեղեցւոյ երեք հովուապետերու հետ միասին առաքելական օրհնութեամբ արձակեցին ներկաները վերջ տալով Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան պատմական արարողութեան։









Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+