​Կիրակի 29 Ապրիլ 2018 - Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

29 Nisan 2018  

​Կիրակի 29 Ապրիլ 2018 - Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) -

​Կիրակի 29 Ապրիլ 2018 - Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23) ​Կիրակի 29 Ապրիլ 2018 - Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է 14-23)

Ով որ կը փնտռէ փառքը զինք ղրկողին` անիկա ճշմարիտ է

Յիսուս կու տայ փաստը իր վարդապետութեան ճշմարտութեան, պարզապէս յայտնելով թէ ինք իր անձնական փառքը չէ որ կը փնտռէ այս պատգամը հաղորդելով եւ անոր կից` բազմաթիւ հրաշքներ կատարելով, որպէս վկայութիւն իր կարողութեան։ Հրաշքները չեն որ կը փաստեն իր աւետարանի ճշմարտութիւնը, այլ` որովհետեւ ինք կը փնտռէ մեծագոյն փառքը զինք աշխարհ ղրկողին, այսինքն Հօր, որ է Աստուած ու արարիչ բոլոր արարածներուն։

Ամէն մարդ կը սիրէ պարծենալ իր գործերով. Բնական է որ հպարտանք զգանք մեր յաջողութիւններուն համար։ Այս աշխարհի վրայ դրուած ենք իւրաքանչիւրս պաշտօն մը կամ դեր մը կատարելու համար. Եւ որքան ուրախ կ՛ըլլանք երբ, մասնաւորապէս բաւական յոգնութիւն ու ջանք թափելէ ետք` ի վերջոյ կ՛իրականացնենք մեր ծրագրած բոլոր գործերը։ Ամենապարզ պաշտօնեայէն սկսեալ մինչեւ ամենամեծ գործատէրը գոհունակութիւն կը զգայ երբ ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ եւ օրուայ մը վերջը` կրնայ հանգիստ քուն մը քաշել, ապահով ըլլալով թէ իր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով կատարած է։ Նոյնը կը զգայ ամէն ընտանիքի հայր եւ մայր, որոնք ունին ծանր հոգն ու պատասխանատւութիւնը լաւագոյն կերպով դաստիարակելու իրենց զաւակները։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ յարմարագոյն կերպը յայտնելու մեր գոհունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն օգտակար նպատակի մը ծառայած ըլլալու. կատարել ամէն գործ Աստուծոյ փառքին համար։ Արդէն ինչ բարեմասնութիւն որ ունինք` ստացած ենք Արարիչէն, մեր խելքն ու կամքը, մեր բոլոր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները աստուածատուր պարգեւներ են, որոնց համար յարատեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ենք Տիրոջ եւ փառք ընծայելու իրեն։

Կը պատմուի թէ մարդ մը կ՛անցնէր ճամբէ մը, որուն երկայնքին գործաւորներ կ՛աշխատէին հսկայ շէնքի մը շինութեան. Երբ հարց կու տայ գործաւորներէն մէկուն թէ ի՞նչ կ՛ընէ, ան պարզապէս կը պատասխանէ թէ կ՛աշխատի որպէսզի իր օրապահիկը ապահովէ, դրամ շահի ու կարենայ հանգիստ ապրիլ։ Նոյն հարցը կու տայ ուրիշ գործաւորի մը, որ պարծանքով ցոյց կու տայ իր վարպետութիւնը, նշելով թէ ջանք կը թափէ լաւագոյն կերպով կառուցանելու շէնք մը, որուն համար ըսուի յետագային թէ գլուխ գործոց մըն է։ Իսկ երրորդ գործաւորը կը յայտնէ թէ շինուող շէնքը եկեղեցի մըն է եւ թէ ինք կ՛աշխատի որպէսզի Աստուծոյ փառքը լաւագոյն կերպով երեւի յաջս բոլոր մարդկութեան եւ մանաւանդ անոնց որոնք պիտի գան մտնեն Աստուծոյ այս տունը, իրեն այօթելու եւ փառաբանութիւն մատուցանելու համար։

Երեքն ալ նոյն գործը կը կատարէին, սակայն իրենց նպատակները իրարմէ տարբեր էին. Եւ անշուշտ երրորդին նպատակը վսեմագոյնն էր, որովհետեւ գերագոյն իրականութիւնն է եւ լաւագոյն կերպը պաշտամունք մատուցանելու Աստուծոյ. կատարել ամէն գործ Տիրոջ մեծագոյն փառքին համար։

Յիսուս Աստուած է, եւ իր Հօր նոյն բնութիւնն ունի. Հակառակ ասոր չուզեց երբեք պարծենալ ինք իր անձով այլ ամէն ինչ վերագրեց իր Հօր, որ զինք աշխարհ ղրկեց իրագործելու իր ի յաւիտենից կանխամտածուած ծրագիրը մարդկութեան ի նպաստ։

Մենք եւս, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ ծրագիրը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծած է, մեզի խոնարհաբար միայն վերապահելով գոհունակութիւնը աշխատելու Աստուծոյ փառքին համար. Ամէն։





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+