Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում - Հայերէն
19 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Անահիտ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

22 Mayıs 2018  

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում -

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, ՌաՌաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի Վերանորոգ Շէնքի Եւ Նոր Տնօրէնութեան Ներկայացում

Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ռաուտայի մէջ գտնուող Սրբուհի Ռիթայի տարեկան Ուխտի Օրուան առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միբանութեան հովանին վայելող Մխիթարեան Վարժարանի վերանորոգ շէնքի եւ նոր տնօրէնութեան ներկայացումը, Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեանի, ՀՀ հիւպատոս պարոն Աշոտ Քոչարեանի, պաշտօնական հիւրերու եւ աւելի քան հազար հաւատացեալներու ներկայութեան:

Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց հոգեշնորհ Հ. Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ. Սիւլահեան՝ Մեծաւոր Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի: Իր քարոզին մէջ գերաշնորհ հայրը ընդգծեց, որ այսօր Հայ եկեղեցին կը նշէ հոգեգալստեան տօնը եւ մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս՝ որպէս վերնատուն, հաւատալով եւ սպասելով, որ Քրիստոսի հոգին պիտի իջնէ մեր մէջ եւ լուսաւորէ ու զօրացնէ մեզ: Ան ըսաւ, որ մեր բոլորիս օրինակը Քրիստոսն է եւ մենք կոչուած ենք Սուրբ Հոգիով լեցուելու, որով կը զօրանանք եւ կ’ամբողջացնենք մեր քրիստոնէական հաւատքը: Հոգեշնորհ հայրը մաղթեց, որ, Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրուան առիթով, սրբուհիին միջոցաւ մենք ստանանք Աստուծոյ շնորհքը, այն շնորհքը՝ որուն միջոցաւ սրբուհին հաւատաց եւ մինչեւ վերջ պայքարեցաւ: Հայր Սիւլահեան իր քարոզը աւարտեց յորդորելով փնտռել զԱստուած եւ բռնել արքայութեան ճամբան, եւ խնդրել սրբուհի Ռիթային բարեխօսութիւնը՝ ունենալու իր յստակատեսութիւնը, որ երկնային բարիքին տեսութիւնը իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ ծագեցնէ, որպէս մենք զանազանենք ճշմարիտը, իրականը եւ յաւիտենականը, եւ ընտրենք զանոնք ու ըլլանք աստուածահաճոյ անձեր:

Պատարագի աւարտին ցուցադրուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեայ մշակութային, հոգեւոր եւ կրթադաստիարակչական հարուստ ժառանգութեան կարեւորութեան վրայ լոյս սփռող տեսերիզ մը, որ կ’ընդգրկէր պատգամ մը Միաբանութեան ընդհանուր տեղակալ գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ, ուր սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը կ’արտայայտէր հիմը դնելով Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան Վարժարանին, որ արդիական եւ ժամանակակից կրթօճախ մը ըլլալով պիտի ծառայէ լիբանանահայութեան կրթական կարիքներուն, վստահեցնելով, որ Միաբանութեան համակիրներուն, բարեկամներուն եւ նախկին սաներուն գործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս վարժարանի առաւել յաջողութեան:

Ապա, Հայր Մեսրոպ Սիւլահեան հաւատացեալներուն ներկայացուց Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի նշանակուած տնօրէնուհին, յանձին Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանի: Նորանշանակ տնօրէնուհին իր խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Այսօր, երբ, ցաւօք սրտի, սփիւռքի գաղութները կը գտնուին նօսրացման վտանգին տակ, եւ տնտեսական ծանր պայմաններու բերումով ահազանգ կը հնչէ հայօճախներու մէջ դպրոցներ փակելու առնչութեամբ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը, հոսանքն ի վեր թիավարելով, նախաձեռնութիւնը առաւ լիբանանահայ նորահաս սերունդին համար կառուցելու այժմէական եւ ժամանակակից յատկանիշերով օժտուած հայաշունչ դարբնոց մը: Դիւրին չէ, եւ աւելին, պատասխանատուութեան ծայրագոյն աստիճանի նախաձեռնութիւն մըն է դպրոց մը ոչ միայն պահելը, այլեւ զայն յաւելեալ յատկութիւններով օժտելը, եւ միաժամանակ անոր նիւթական պահանջները ապահովելը: Այս մէկը վճռականութիւն, հաւատք, յոյս եւ ազգային բարձր գիտակցութիւն կը պահանջէ, ինչ որ ամենայն յանձնառութեամբ ստանձնած է Մխիթարեան Միաբանութիւնը, որ նպատակադրած է Լիբանանի մէջ Միաբանութեան իր միակ վարժարանը ամէն գնով ոտքի պահել, ծաղկեցնել եւ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատարել անոր բարօրութեան ու վերելքին, ի գործադրութիւն իր սկզբունքային համոզումին՝ կերտելու հայուն մէջ մարդը, հայը եւ քրիստոնեան»:
Տիկ. Պոյաճեան, հարցադրելով, թէ արդեօք ի՞նչով Մխիթարեան Վարժարանը պիտի տարբերի միւս վարժարաններէն, պատասխանեց, որ վարժարանը իր կրթական համակարգին մէջ պիտի ներառէ այն յաւելեալ հմտութիւններու փոխանցումը, որոնցմով իր աշակերտները պիտի պատրաստէ այս դարու մարտահրաւէրներու յաղթահարման: Ան կոչ ուղղեց այն բոլոր ծնողներուն, որոնք հետաքրքրուած են Մխիթարեան Վարժարանով, այցելելու www.mekhitarianlb.com կայքէջը եւ հոն արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի շուտով կապ հաստատուի անոնց հետ եւ միասնաբար քննարկուի եւ սերտուի իւրաքանչիւր աշակերտի ընդունման պարագան:

Ան նաեւ շեշտեց, որ վարժարանը իր ամբողջական կառոյցով գործելու պատրաստ պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 2018-էն սկսեալ: Ուսումնական ծրագիրը պատրաստուած է արդէն մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարանի աշակերտներու համար, որուն գործադրութիւնը պիտի կատարուի աստիճանբար, փուլ առ փուլ: 2019-ին վարժարանը պիտի ունենայ նաեւ իր արդիական մանկամսուրը, իսկ յառաջիկայ տարի սկիզբ պիտի առնէ երկրորդ շէնքի մը կառուցումը, որ պիտի ընդգրկէ արուեստից վարժարան, ինչպէս նաեւ առեւտրական կեդրոն՝ մնայուն եկամուտ ապահովելու մեր վարժարանին:
Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդին յաղթնակներու ամիսն է: «Եւ նա՛եւ այսօր, 2018-ի Մայիսին, մենք հպարտութիւնը ունինք այս սուրբ խորանէն բարձրաձայնելու, որ նորաբաց Մխիթարեան Վարժարանը յաղթանակ մը պիտի ըլլայ համաշխարհայնացումի վտանգին դէմ, տնտեսական ծանր բեռին տակ կքելով լիբանանահայ դպրոց փակելու հաւանականութեան դէմ, հայ աշակերտին գիտութիւն, դաստիարակութիւն, ազգայնութիւն եւ հայկականութիւն աւանդելու մէջ, Սփիւռքի մէջ մեսրոպեան ջահը մշտավառ պահելու մէջ, եւ Մխիթարեան Միաբանութեան վերազարթօնքին ու վերածաղկումին իր նպաստը բերելու մէջ»:

Աւարտին Սրբուհի Ռիթայի ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարհաբոյր, ինչպէս նաեւ նորանշանակ տնօրէնուհին ընդունեց շնորհաւորանքներ:

ուտայի մէջ գտնուող Սրբուհի Ռիթայի տարեկան Ուխտի Օրուան առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միբանութեան հովանին վայելող Մխիթարեան Վարժարանի վերանորոգ շէնքի եւ նոր տնօրէնութեան ներկայացումը, Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պարոն Սամուէլ Մկրտչեանի, ՀՀ հիւպատոս պարոն Աշոտ Քոչարեանի, պաշտօնական հիւրերու եւ աւելի քան հազար հաւատացեալներու ներկայութեան:

Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+