​Սուլթան Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Իրավիճակը - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

11 Temmuz 2018  

​Սուլթան Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Իրավիճակը -

​Սուլթան Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Իրավիճակը ​Սուլթան Էրտողան Եւ Թուրքիոյ Տնտեսական Իրավիճակը

Գաղտնի բան չէ, որ ներկայիս Թուրքիոյ տնտեսական ցուցանիշը որոշ չափով անկումի մէջ է, եւ այդ մէկը պարզ է՝ երկրի դրամանիշի արժէքի կորուստներուն պատճառով: 2005ին, Թուրքիոյ պետութիւնը, երկրի ազգային դրամանիշէն՝ լիրայէն վեց զերօներ ջնջելով՝ ստեղծեց Թուրքիոյ «նոր լիրա»ն (Yeni Turk Liras). այդ օրերուն, երբ ամերիկեան տոլարը մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն լիրա կ՛արժէր, զերօներուն ջնջումով հաւասար եղաւ 1.344 նոր լիրայի: Սակայն, լիրան չկրցաւ կայուն մնալ, հակառակ պետութեան թափած բոլոր ջանքերուն, եւ յաճախ արժեզրկումի ենթարկուեցաւ ու տակաւին կ՛ենթարկուի՝ այդ երկրին տնտեսական վատ վիճակը ցոյց տալով: 2010ին, տոլարը 1.550 լիրա կ՛արժէր, իսկ 2015ին՝ 2.189 լիրա, սակայն 2017ի վերջերը անիկա 3.77 լիրա եղաւ, Մայիս 2018ին՝ 4.47 լիրա, իսկ Յունիս 2018ին (մէկ ամիս ետք) բարձրացաւ 4.68 լիրայի… եւ այսպէս, լիրան կը շարունակէ անկումի մէջ մնալ: Այս բոլորը տարիներու տնտեսական, դիւանագիտական եւ ռազմական անյաջող ու սխալ քաղաքականութիւններու արդիւնք են:

Ուստի, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուի Թուրքիոյ տնտեսութիւնը յառաջիկայ տարիներուն: Արդեօք պիտի շարունակէ վատանա՞լ, թէ պիտի բարելաւուի:

Անտարակոյս, Թուրքիոյ տնտեսութեան տկարութեան ամենամեծ պատասխանատուն ի՛նք՝ սուլթան Էրտողանն է… անոր սուլթանական երազները, մենատիրական որոշումները, քիւրտերուն հետ ներքին խռովութիւնները եւ քիւրտերու հետապնդումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, դրացի երկիրներու նկատմամբ վարած իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ ստեղծած պատերազմները, աւելին՝ իր նոր կայսրութիւնը հիմնելու տենչանքը եւ անոր իբրեւ հետեւանք իր հիմնած զինուորական խարիսխները երկրէն դուրս՝ Իրաքի, Սուտանի, Սոմալիոյ եւ Քաթարի մէջ եւ անոնց հետ առնչուող ծախսերը, իր դիւանագիտական կոպիտ յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան երկիրներու եւ այլ պետութիւններու հետ եւ այդ բոլորին հետեւանք եղող տնտեսական վնասները, «Իսլամ եղբայրներ»ուն իր աջակցիլն ու Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Էմիրութիւններու նման եւ այլ կարեւոր շուկաներ կորսնցնելը, Կիւլենի հարցով Ամերիկայի հետ փակուղի հասնիլն ու շատ այլ պատճառներով Ամերիկայի հետ իր յարաբերութիւններուն վատթարացումը, եւ բազմաթիւ ուրիշ խնդիրներ…

Էրտողան կ՛երազէ երկիրը սուլթանական խալիֆայութեան վերադարձնել, իսկ ինք իսալամներու նոր խալիֆան ըլլալ: Անն Հոֆ այս առթիւ Middle East Quarterly-ի Յունիս 1ի թիւին մէջ յայտնած է. «Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարած Կրօնական գործերու տնօրէնութիւնը («Տիանաթ») կը վճարէ երկրին 110,000 կղերականներու (իմամներու) աշխատավարձերը եւ կը վերահսկէ անոնց ուրբաթօրեայ քարոզներու բովանդակութեան»։ Բնականաբար, անոնք սուլթան Էրտողանը կը փառաբանեն՝ միաժամանակ մեծ բեռ հանդիսանալով երկրի տնտեսութեան վրայ: Միւս կողմէ, Էրտողանի կառուցած նոր պալատը հարիւրաւոր միլիոններու ծախս եղաւ պետութեան համար, միաժամանակ, ան միլիոնաւոր լիրաներով կը սատարէ Թուրքիոյ պետական «TRT» հեռատեսիլի կայանները, որոնք դարձած են իր քարոզչութեան գլխաւոր աղբիւրը:

Նաեւ, Թուրքիոյ երկրագործութեան արտադրանքը պէտք է ապահովէ երկրին ամենամեծ եկամուտը, տրուած ըլլալով ընդարձակ հողերու գոյութիւնը, առատ ջուրը, յարմար կլիման, մարդուժի ներկայութիւնը ու այլեւայլ պատճառներ։ Սակայն, իրական պատկերը այդպէս չէ՛… Թէեւ կառավարութիւնը միլիառներ ծախսած է եւ տակաւին կը ծախսէ՝ սկսած «Աթաթիւրք» ջրամբարը մինչեւ վերջերս «Ալիսոյ» ջրամբարի շինարարութիւնը եւ բացումը, նաեւ պարարտանիւթ կ՛ապահովէ եւ որոշ չափով հողագործութեան համար անհրաժեշտ մեքենաներ կը հայթայթէ, սակայն երկրագործութիւնը կը մնայ անկայուն վիճակի մէջ:

Ըստ թուրք լրագրող Մեհմետ Չետինքուլէքի՝ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը քննադատութիւններու ենթարկուած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի խառնաշփոթութեան համար, որուն անկումով՝ սննդամթերքի գիները աճած են, եւ պետութիւնը ստիպուած եղած է հիմնական սննդատեսակներ ներմուծելու, ինչպէս՝ ցորեն, լուբիա, միս եւ նոյնիսկ յարդ»: Այս անկումը սկսաւ վարչապետ Թորկութ Օզալի օրերէն՝ 1980էն, երբ վերջինս տնտեսական ազատականութեան հաւատարիմ քարոզիչ մը ըլլալով՝ շարք մը գիւղատնտեսական ներածուող արտադրանքներու վրայ դրուած հարկերը զերոյի հասցուց. բան մը, որ տակաւին կը շարունակուի Էրտողանի օրով. թէեւ այդ միջոցառումը սննդամթերքի գիներուն աճը զսպած է, սակայն, միւս կողմէ, տարիներու ընթացքին տեղական արտադրութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ տակաւին կ՛ունենայ:

Կառավարութիւնը, զոր օրինակ, միս կը ներածէ՝ անոր գիները նուազեցնելու համար: Ըստ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պատգամաւոր Օրհան Սարիպէլի՝ 2010 թուականէն սկսեալ Թուրքիա ներմուծած է 2.9 միլիոն եզ, 2.5 միլիոն ոչխար եւ այծ ու 236 հազար թոն կարմիր միս, որոնք միլիառներով ծախս եղած են պետութեան համար: Սարիպէլ, որ ինքնին երկրագործութեան մասնագէտ է, ըսած է, թէ 2002ին երկրի հողագործները կը կազմէին բնակչութեան 35 տոկոսը, իսկ ներկայիս այդ համեմատութիւնը նուազած է 19ով:

Ինչ կը վերաբերի ճարտարարուեստին եւ արդիւնաբերական արտադրանքին, ապա Թուրքիա կ՛արտադրէ հիւսուածեղէն, պահածոյ սննունդ, մեքենաներ, ելեկտրոնային սարքեր, ածուխ, պղինձ, պողպատ, շինարարական նիւթեր, ատաղձ, թուղթ եւ այլն, սակայն կը ներածէ ծանր ու բարդ մեքենաներ եւ արդի ճարտարարուեստական իրեր: Թուրքիա ունի նաեւ ռազմական արտադրութիւն, սակայն անոր շուկան շատ սահմանափակ է, որովհետեւ ունեցածը սովորական զէնքեր են եւ կարողութիւնը չունի բարդ ու նոր տիպի զէնքեր արտադրելու:

Նաեւ, Թուրքիա կը մնայ խիստ կախուած՝ ներարուած քարիւղէն եւ կազէն. թէեւ ան կ՛օգտուի իր հողերէն անցնող խողովակներուն միջոցով Իրաքի քարիւղի արտածումէն, ինչպէս նաեւ աժան գինով կազ կը ստանայ Ատրպէյճանէն, իսկ վերջերս նաեւ տարածուծ է այն լուրը, որ իբրեւ թէ սուրիական քարիւղը եւս կը ստանայ ապօրինի ու աժան գիներով, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը, որ իր սեփական քարիւղն ու կազը չ՛արտադրեր եւ պաշար չունի:

Ծառայութիւններ մատուցանող ոլորտը ամենամեծն է Թուրքիոյ համար. մինչ երկրագործութիւնը երկրի եկամուտին միայն 6.7 տոկոսը կ՛ապահովէ, արդիւնաբերական արտադրանքը՝ 31.8 տոկոսը, ծառայութիւններու մարզը անոր տնտեսութեան 61.4 տոկոսը կ՛ապահովէ՝ ըստ 2017ի տուեալներով։ Սակայն այս ոլորտը, ի մասնաւորի զբօսաշրջութիւնը, մնայուն վտանգի մէջ է՝ երկրին անկայուն վիճակին պատճառով։

Թուրքիոյ տնտեսութեան անկայունութեան ազդեցիկ պատճառներէն մէկը 15 Յունիս 2016ի յեղաշրջումն է, որմէ շատ օգտուեցաւ ինք՝ Էրտողանը, իր դիրքերը ամրապնդելու համար։ Ան տասնեակ հազարներով պետական աշխատակիցներ պաշտօնազուրկ ընելու կողքին, թրքական բանակի շարքերէն հեռացուց բոլոր կասկածելիները, անոնց մէջ ըլլալով նաեւ «F-16» ինքնաթիռի ռազմաօդաչուներ: Ըստ nationalinterest.org կայքին, Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերը գնահատած են, որ «F-35» ինքնաթիռին համար, զոր ունենալ կը ջանայ Թուրքիան, նոր օդաչու պատրաստելը՝ 11 միլիոն տոլարի ծախս մը կը հանդիսանայ, իսկ վեթերան օդաչուներու տարիներու փորձառութիւնը ինքնին արդէն արժէքաւոր է: Այսպէս, ազգ մը, որ իր մարտիկ օդաչուները կը բանտարկէ, ոչ միայն գումար կը վատնէ, այլեւ՝ չափազանց արժէքաւոր հարստութիւն: Այնուամենայնիւ, քաղաքական հաշիւներով, Թուրքիոյ կառավարութիւնը վտարած կամ բանտարկած է մեծ թիւով օդաչուներ, եւ այդ պակասը լրացնելու համար Էրտողան ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն՝ 330 նախկին քաղաքացիական օդաչուներ չորս տարի ժամկէտով պէտք է վերադառնան օդային ուժերու ծառայութեան, սպառնալով անոնց՝ հրամանին չենթարկուելու պարագային: Թուրքիոյ օդային ուժերու տկարութիւնը եւ «F-16» օդաչուներու թիւի կրճատումը պատճառ եղան, որ պետութիւնը մեծապէս շահագրգռուի մակերեսային օդային հրթիռներով, եւ այս մէկը եղաւ ռուսական «S-400» հրթիռներու գնման ու ֆրանսական-իտալական հրթիռներ արտադրող «Eurosam» ընկերութեան հետ հակաօդային զէնք արտադրելու պայմանագիրի կնքումին պատճառը։ Այս բոլորը, սակայն, հսկայական բեռ եղան երկրի տնտեսութեան ուսերուն վրայ:

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը մէկ այլ հարուած մըն ալ ստացաւ, երբ Ամերիկայի նախագահ Թրամփ պողպատի եւ ալիւմինիոմի (aluminum) ներածութեան համար հարկեր որոշեց: Թուրքիոյ պողպատի առեւտուրին դիմագրաւած դժուարութիւնները ասով ալ չսահմանափակուեցան. անիկա կը դիմագրաւէ օտարերկրեայ մրցակցութիւն՝ ի՛ր իսկ հողին վրայ։ Ամերիկեան եւ եւրոպական շուկաներուն կողքին, անիկա Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Իրանի աժան պողպատին դէմ կը պայքարի նոյնիսկ իր շուկային մէջ։ Յիշենք նաեւ, որ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդհանուր առեւտուրը Միացեալ Նահանգների օգտին է։ Արդարեւ, 2017ին Թուրքիոյ ներածումները Ամերիկայէն կազմած են 11.9 միլիառ տոլար, իսկ արտածումները՝ 8.6 միլիառ տոլար։

Նաեւ, ըստ www.cia.gov կայքին, 2017ի տուալներով՝ Թուրքիոյ ընդհանուր արտածումները կազմած են 157.3 միլիառ տոլար, իսկ ներածումները՝ 196.8 միլիառ. Թուրքիոյ արտարժոյթի եւ ոսկիի պահուստները եղած են 107.5 միլիառ, իսկ անոր արտաքին պարտքը՝ 429.6 միլիառ տոլար: Այս բոլորով հանդերձ, երբե՛ք կարելի չէ ակնկալել, որ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը պիտի վատթարանայ այն աստիճան, որ երկիրը քայքայուի: Այո՛, լիրայի արժեզրկումը կը շարունակուի՝ վնաս պատճառելով երկրի բնակչութեան եւ տնտեսութեան, սակայն Թուրքիան մեծ երկիր է եւ շատ միջոցներ ունի զարգացնալու, եթէ՝ ժողովրդավա՛ր կառավարութիւն ունենայ։

Ըստ Պոլսոյ «Մարմարա» թեթին (տես «Ասպարէզ», Յունիս 20, 2018), «Թուրքիոյ մասնագէտներ ու քաղաքագէտներ կր պնդեն, թէ Թուրքիա հասած է տնտեսական կործանման սեմին, մինչ Թուրքիոյ ղեկավարները կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, թէ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի տնտեսական շատ փայլուն ապագայ»։ Իր կարգին, համաշխարհային համբաւի տիրացած տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու անխուսափելի կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ծանր տագնապ մը: «Կարելի չէ սպասել հրաշքի մը: Համայնապատկերը սեւ է, անխուսափելի է տագնապը: Բազմաթիւ ընկերութիւններ պիտի սնանկանան, անգործութիւնը աւելի պիտի սաստկանայ, եւ կը մաղթենք, որ աւելի գէշը չպատահի», ըսած է ան։ Աճէմօղլու նաեւ Թուրքիոյ «Ճումհուրիյէթ» թերթին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ կտրուկ անկումի վտանգը»։

Վերջապէս, մեծ երկիրները, ինչպէս՝ Ամերիկան, Ռուսիան, Չինաստանը, եւ Եւրոմիութեան հզօր երկիրները (Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա), ամենայն հաւանականութեամբ թոյլ պիտի չտան, որ Թուրքիան բոլորովին քայքաուի։ Նախ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահերը ապահովել կը ձգտի, ապա, անոնցմէ ոմանք, դաշնակից ըլլալով հանդերձ, իրարու դէմ մրցակցութեան ելած են՝ թուրքերուն բարեկամութեան ձգտելով, ամէն տեսակէտով օգտուելու համար անկէ (երբ Գերմանիա Թուրքիոյ շուկայէն հեռանայ, Անգլիա աւելի՛ կը ներխուժէ)։ Նոյնպէս երկու հակառակ քաղաքականութիւններ վարող կողմերը՝ Ամերիկան եւ Ռուսիան, կ՛աշխատին սիրաշահիլ Թուրքիան (երբ Ամերիկա մէկ քայլ հեռանայ, Ռուսիա երկու քայլ կը մօտենայ Թուրքիոյ). Չինաստանն ալ միշտ ներկայ է այնտեղ, իսկ Թուրքիան, լաւատեղեակ ըլլալով այս բոլորէն, ինչպէս նաեւ իր աշխարհագրական կարեւոր դիրքէն՝ ամենալա՛ւ կերպով կը փորձէ օգտուիլ բոլորէն:

hampomg@yahoo.com

ՃՐՏԳ. Համբարձում Աղպաշեան
Լոս Անճելըս





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+