​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնած Է Գերմանիա - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

28 Kasım 2018  

​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնած Է Գերմանիա -

​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնած Է Գերմանիա ​Նախագահ Արմէն Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնած Է Գերմանիա

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեան դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Գերմանիա:

Այցելութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի եւ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ազգային ժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ: Հանդիպումներուն քննարկումներու առանցքները պիտի ըլլան երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան օրակարգին եւ հեռանկարներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:

Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահը պիտի այցելէ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամաս, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը երկրամասի կառավարութեան ղեկավար Ռայներ Հազելոֆի հետ:

Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան օրակարգը կը ներառէ նաեւ այցելութիւններ Գերմանիոյ շարք մը գիտական-կրթական եւ ճարտարագիտական հաստատութիւններ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պերլինի մէջ երէկ մասնակցած է Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկումին:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` քննարկումին ներկայ եղած են համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Իշինկեր, Գերմանիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, անվտանգութեան հարցերով յայտնի փորձագէտներ, հետազօտական կեդրոններու ղեկավարներ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկումներ եղած են համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, զանոնք դիմակայելու կարելիութիւններուն շուրջ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ Հայաստանը բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալու տարաբնոյթ քննարկումներու հարթակ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+