Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը Ճափոնի Մէջ` Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովի Օրերուն -   
 
	 Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը Ճափոնի Մէջ` Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովի Օրերուն
 
	Արա Կիւլերի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը Ճափոնի Մէջ` Մեծ Քսանեակի Գագաթնաժողովի Օրերուն
	
	 
	 
	
	Աշխարհ, ՍփիւռքՅունիս 30-ին Ճափոնի Քիոթօ քաղաքին մէջ պիտի բացուի 2018-ին կեանքէն հեռացած պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Անիկա պիտի գործէ ճափոնի մէջ տեղի ունենալիք Մեծ քսանեակի (G20) գագաթնաժողովի օրերուն Քիոթօ քաղաքին մէջ գտնուող 800-ամեայ պատմական Թոֆուքու-ջի տաճարին մէջ, կը փոխանցէ Panorama.am-ը:
Քիոթօ քաղաքէն ետք ցուցահանդէսը Սեպտեմբերի վերջը պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եւ հասանելի պիտի ըլլայ աշխարհի տարբեր անկիւններէ այստեղ ժամանած զբօսաշրջիկներու համար:
2020 թուականի Յունուարին Արա Գիւլերի լուսանկարներու ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի` Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ:
Հայ լուսանկարիչին ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուած է Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com