Քասիմի Կողմէ Կատարուած Առաջին Աշխարհաբար Փոխադրումով Կը Սկզբնաւորուի Նարեկի Թարգմանական Պատմութիւնը - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

10 Mart 2020  

Քասիմի Կողմէ Կատարուած Առաջին Աշխարհաբար Փոխադրումով Կը Սկզբնաւորուի Նարեկի Թարգմանական Պատմութիւնը -

Քասիմի Կողմէ Կատարուած Առաջին Աշխարհաբար Փոխադրումով Կը Սկզբնաւորուի Նարեկի Թարգմանական Պատմութիւնը Քասիմի Կողմէ Կատարուած Առաջին Աշխարհաբար Փոխադրումով Կը Սկզբնաւորուի Նարեկի Թարգմանական Պատմութիւնը

Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։

Հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան այդ փոխադրումը որակած էր «թարգմանութիւն-մեկնութիւն»։ «20-րդ դարուն աշխարհաբար հայերէն կրող հայ ընթերցողը տակաւին անհաղորդ էր հայ գրականութեան այս մեծագոյն արժէքին։ Գօչունեանի թարգմանութիւնը պատմական արժէք ունի, որովհետեւ այդ պայմաններուն ներքեւ ան նախաձեռնեց աշխարհաբար առաջին ամբողջական փոխադրութեան։ Գօչունեանի ժամանակ չկար Մատեանի քննական բնագիրը եւ այդ ժամանակ առաջին քայլերը կը կատարուէին Նարեկացիի գրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութեան առումով», ըսած էր ան՝ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած վերահրատարակութենէն անմիջապէս վերջ։

Աշխարհաբար առաջին հրատարակութենէն 117 տարի անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահրատարակեց Քասիմի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Ցայսօր միայն Քասիմի փոխադրածն էր, որ չէր վերատպուած որեւէ անգամ։ Ուստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտայղացաւ եւ իրականացուց այդ վերահրատարակութիւնը։

Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքին արժէքը անդրանցած է ժամանակները։ Այս վերջին տարիներուն Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Այսպիսի իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանին համընկնած է Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին գրաբար բնագիրէ աշխարհաբարի փոխադրութեան վերահրատարակութիւնը։ Համընկնած իրադարձութիւնները խորհուրդներու միահիւսման գետին պատրաստած ըլլային կարծես։

Հոգելոյս Հրաչիկ Միրզոյեան Քասիմի տարած աշխատանքի պատմական արժէքը շատ բարձր գնահատած էր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ժամանակ ալ այդ հանգամանքը շատ լաւ բանաձեւումով մը ընդգծեց նաեւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ Այսպէս, Քասիմի կողմէ կատարուած առաջին աշխարհաբար փոխադրումով կը սկզբնաւորուի «Նարեկ»ի թարգմանական պատմութիւնը։

Մեր մաղթանքն է, որ Նարեկացի մեծ սուրբի բարեխօսութեամբ միշտ խնկարկուի Քասիմի անթառամ յիշատակը։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+