Հռոմի Քահանայապետի Գահակալութեան Տարեդարձը Նշուեցաւ - Հայերէն
20 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Արագած / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

17 Mart 2020  

Հռոմի Քահանայապետի Գահակալութեան Տարեդարձը Նշուեցաւ -

Հռոմի Քահանայապետի Գահակալութեան Տարեդարձը Նշուեցաւ Հռոմի Քահանայապետի Գահակալութեան Տարեդարձը Նշուեցաւ


Հռոմի Քահանայապետ Ն.Ս. Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապին գահակալութեան 7րդ տարեդարձին առթիւ, 13 Մարտ 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 18.00-ին, Սէնթ Էսփիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական աղօթք տեղի ունեցաւ։ Անգարայի մօտ Պապական Նուիրակ Մոնս. Փոլ Ֆիթզփաթրիք Ռասըլ Ս. Եպիսկոպոսի հանդիսապետած արարողութեան ներկայ էին՝ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վիճակաւոր Մոնս. Լորէնզօ Փիրէթթօ Ս. Եպիսկոպոսը, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Ս. Եպիսկոպոսը, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս արարողութեան մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, մայրապետներ եւ ուխտաւորներ։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ, երիտասարդներէ բաղկացեալ երգչախումբի մը կողմէ երգուած հոգեւոր երգերով։ Շուրջ մէկ ժամուայ արարողութեան ընթացքին, նախ Ս. Գրային բաժիններ ընթերցուեցան, ապա՝ մատուցուեցաւ Գոհաբանական Ս. Պատարագ։ Յընթացս արարողութեան քարոզեց՝ Մոնս. Փոլ Ֆիթզփաթրիք Ռասըլ եւ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները։ Ինք յայտնեց թէ՝ Ֆրանսիսկոս Պապի գահակալութեան 7րդ տարեդարձը առիթ կը դառնար, որպէսզի հոգեւոր հայրեր միանան ու եղբայրական ոգիով աղօթեն։ Այս առումով յայտնեց թէ՝ Ֆրանսիսկոս Պապը միշտ աղօթք կը խնդրէ հաւատացեալներէն եւ այս արարողութիւնը լաւագայն նուէրը պիտի դառնար մատուցուած՝ Նորին Սրբութեան։ Այս մէկը առիթ էր նաեւ Աստուծոյ տածած սէրը յիշելու՝ հանդէպ բնութեան եւ ստեղծագորթութեան։ Այս ուղղութեամբ աղօթելու հրաւիրեց, որպէսզի հիւանդութիւններն ու բնութեան հարցերը չքանան ու բնութիւնը եւս գտնէ իր խաղաղութիւնը։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։

Արարողութեան աւարտին ներկաներ, համախմբուեցան Պապական Նուիրակութեան շէնքին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը։ Այս առթիւ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր խնդակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մոնս. Փոլ Ֆիթզփաթրիք Ռասըլին եւ շնորհաւորեց Ֆրանսիսկոս Սրբազան Պապի գահակալութեան տարեդարձը։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+