Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախար -  
 
	
 
	Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ
	
	 
	 
	
	03 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար, փոխվարչապետ Զէյնա Աքրին հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է իր գործընկերը` լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով:
Զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ համաճարակային իրավիճակը, կարծիքներ փոխանակած փոխգործակցելու լրացուցիչ կարելիութիւններուն ստեղծման շուրջ:
Զէյնա Աքր ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ստորաբաժանման մասնակցութեան կարեւորութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մէջ, որուն իբրեւ պատասխան` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատած է հայկական կողմին վճռականութիւնը շարունակելու գործը:
Դաւիթ Տօնոյեանն ու Զէյնա Աքրը անդրադարձած են նաեւ  շրջանային ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ երկկողմանի համաձայնագիրներու շրջագիծին մէջ ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման ու խորացման անհրաժեշտութեան:
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com